Մէկ անունով, մէկ ալ սիրով,
մարդ արարած կը ճանչցուի,
Առանց սիրոյ՝ աշխարհն ամբողջ
մութ ու սուգի կը մատնուի։
Ինչ որ սիրես նըւիրական,
օր մը վստահ կը համոզուիս,
Թէ հօր սէրը յաւերժական,
լոյս է տըւած եւ ոչ դանդիռ...
Սէրը քու հօր կեա՜նք է զուլալ,
թէ բաղդատես՝ ան գին չունի,
Աստուածատուր շնորհք է ան,
թէ քայքայես՝ չես յաջողիր,
Ամփոփ հոգւով ասպետական,
զրահն է ան նըւաղ սրտիդ,
Իսկ խորհուրդով անզուգական՝
աղբիւրն է ան պապակ մտքիդ։
Մի՛ թերանար, իմ խեղճ ընկեր,
հասիր հօրըդ ողջ արեւին,
Գուցէ յանկարծ ան խաւարի,
ալ չտեսնես զինք կենսալի,
Խորթ մի՛ ըլլար, անցորդի պէս,
որ չթախծիս հանուր կեանքիդ,
Պահն է հիմա որ մեծարես,
գրկե՛ս հօրըդ մեծահոգի։
Կայլակ
(Մարտ 23, 2012)
«Սէր ու Կրակ» հատորէն