Այսօր` հոկտեմբեր 21-ին, առեղծուածային դէպք տեղի ունեցած է Շիրակի մարզի մէջ, գրած է SHAMSHYAN.com-ը։
Ինչպէս դէպքի վայրէն յայտնած է ֆոթոլրագրող Գագիկ Շամշեանը, «Հիւսիս-հարաւ» նոր կառուցուող ճանապարհի 112 քմ հատուածին ճանապարհաշինարարները հողային աշխատանքներ կատարելու ժամանակ յայտանբերած են մարդու մարմնի մասեր, գանկեր, ոսկրային հատուածներ:
Այս պահուն տարածքը սահմանազատուած է: Այնտեղ են նաեւ ՀՀ ՆԳՆ ոստիկանութեան Ախուրեանի բաժնի ծառայողները:
Շիրակի մարզի դատախազի յանձարարականով կը քննարկուի, թէ որ կառոյցը քննութիւն պիտի կատարէ: