Այսօր առաւօտեան, Հիմալայներու մէջ սառոյցի բեկոր մը ինկած եւ մխրճուած է ամբարտակի մէջ, կը հաղորդէ Reuters-ը:
Առաջացած ջրհեղեղի հետեւանքով սկսած է մօտակայ գիւղերու բնակչութեան տարհանումը: Կ'ընթադրուի, որ շուրջ 150 մարդ զոհուած է:
«Յստակ թիւը դեռ չէ հաստատուած, սակայն 100-150 մարդ կը համարուի զոհուած»,- Reuters-ին յայտնած են Ութարակխանտ հնդկական նահանգի վարչակազմէն:
Ականատեսը ըսած է, որ տեսած է փոշիէ, քարերէ եւ ջուրէ կազմուած պատ, երբ ձնահիւսն ինկած է վար՝ գետի ուղղութեամբ:
Տեղի բնակիչները մտահոգուած են, որ զոհուած են մարդիկ, որոնք կ'աշխատէին մօտակայքը գտնուող ջրաելեկտրակայանի նախագիծի շուրջ, ինչպէս նաեւ գիւղացիներն ու հովիւները, որոնք գտնուած են գետի մօտակայքը: