Զինուած ուժերու զինծառայողներու անվտանգութեան ապահովման նպատակով, ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը համոզիչ կերպով կոչ ըրած է ձեռնպահ մնալու բանակին առնչուող թեմաներու քննարկումներէն բջջային հեռախօսով, ինչպէս նաեւ համացանցով, մասնաւորապէս՝ տարբեր ընկերային հարթակներու վրայ:
Նման քննարկումները կրնան հասանելի դառնալ հակառակորդին, ինչ որ իրական վտանգներ պարունակէ Հայրենիքի պաշտպաններուն համար: Ձեռնպահ մնալով այդպիսի գործողութիւններէն եւ հետեւելով բացառապէս ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան պաշտօնական աղբիւրներով տարածուող տեղեկատուութեան, մենք կը նպաստենք մեր բանակի նորանոր յաջողութիւններուն: