Մանէ Թանդիլեանի առողջական վիճակն այս պահուն լաւ չէ։ Բժիշկները յորդորած են դադրեցնել հացադուլը, Թանդիլեանը հրաժարած է: Այս մասին յայտնած է «Ապրելու երկիր» կուսակցութեան համահիմնադիր Մեսրոպ Առաքելեանը։
«Այս պահին Մանէ Թանդիլեանը հիւանդանոցում հետազօտութիւններ է անցնում»,-ըսած է Առաքելեանը։
Հացադուլի մէջ գտնուող «Ապրելու երկիր» կուսակցութեան համահիմնադիր Մանէ Թանդիլեանն այսօր Ազատութեան հրապարակէն շտապօգնութեան մեքենայով տեղափոխուած է հիւանդանոց:
Մանէ Թանդիլեանը մարտ 1-էն հացադուլ սկսած է, խնդրելով Արցախի նախկին պետնախարար, Պաքուի մէջ ապօրինի պահուող Ռուբեէն Վարդանեանէն դադրեցնել հացադուլը։
Ռուբէն Վարդանեանը փետրուար 19-էն հացադուլ սկսած է՝ ի նշան իր նկատմամբ իրականացուող դատական ֆարսի: Հացադուլի պատճառով փետրուար 25-ին անոր ինքնազգացողութիւնը վատացած էր Պաքուի դատարանին մէջ: