ՀՀ Նախագահը մօտէն կը հետեւի ՀայասՀՀ Սփիւռքի նախարար Տիկն. Հրանոյշ Յակոբեանի փոխանցմամբ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան մօտէն կը հետեւի Հայաստան հաստատուած սուրիահայերու հարցերուն: Տիկին նախարարը, որ այսօր սփիւռքի նախարարութեան յարկին տակ նախագահեց «սուրիահայերու հերթական նիստին նշեց, որ այս առաւօտ ՀՀ նախագահի նստավայրին մէջ խորհրդակցութիւն տեղի ունեցած է օրակարգ ունենալով Հայաստան ապրող սուրիահայերու ընդհանուր վիճակն ու անոնց դիմագրաւած հիմնահարցերը: Տիկին նախարարը այս առումով յաւելեց «ինչպէս միշտ Պրն. Նախագահը իր յանձնարարութիւնները տուած է պետական մարմիններուն, որպէսզի բոլոր մակարդակներու վրայ օգնեն եւ լուծումներ տան սուրիահայերու կողմէ բարձրաձայնուած խնդիրները»:
Նախարարը աւարտին նկատել տուած է, որ «այսօր կարեւորագոյն խնդիր է օգնութեան ձեռք երկարել այն սուրիահայերուն, որ վերջերս Հայաստան տեղափոխուեցան: Մենք պէտք է ամէն ինչ ընենք, որպէսզի անոնք հայրենիքի մէջ մնան ու հոս հաստատուին» եզրափակեց ՀՀ Սփիւռքի նախարար Տիկն. Հրանոյշ Յակոբեան: