image

ՀՀ անկախութեան տօնի միջոցառման կիզակէտը պիտի ըլլայ Հանրապետութեան հրապարակը. միջոցառումը պիտի իրականացուի «Դու անկախ ես» կարգախօսի ներքոյ

ՀՀ անկախութեան տօնի միջոցառման կիզակէտը պիտի ըլլայ Հանրապետութեան հրապարակը. միջոցառումը պիտի իրականացուի «Դու անկախ ես» կարգախօսի ներքոյ

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 27-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն կիզակէտը Հանրապետութեան հրապարակն է: Հանրապետութեան հրապարակ տանող բոլոր փողոցները հասանելի պիտի ըլլան ՀՀ քաղաքացիներուն համար, իսկ ինքնաշարժներուն համար պիտի փակուին: Սեպտեմբեր 18-ին, լրագրողներու հետ հանդիպման մը ընթացքին այս մասին ըսած է ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար Էտուարտ Աղաճանեան՝ ընդգծելով, որ անկախութեան տօնին նուիրուած ձեռնարկներու իրազեկման ասուլիսը նոյնպէս պիտի կազմակերպուի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ:


«Կ՝ուզեմ ըսել, որ այս ձեռնարկը իր տրամաբանութեամբ պիտի ըլլայ տարբեր եւ աննախադէպ՝ իր սփռուածութեամբ եւ ապակեդրոնացումով: Հանրապետութեան հրապարակ տանող բոլոր փողոցները տրամադրուած պիտի ըլլան քաղաքացիներուն, այսինքն, փակ պիտի ըլլան ինքնաշարժներուն համար: Հանդիսութիւնը պիտի իրականացուի «Դու անկախ ես» կարգախօսին տակ: Ասիկա շատ յստակ ուղերձ է: Հայաստանի իւրաքանչիւր քաղաքացի թիրախ է, եւ ուղերձը յստակ կ՝ուղղուի Հայաստանի իւրաքանչիւր քաղաքացիի»,- ընդգծած է Աղաճանեան:


Ան շեշտած է, որ «Դու անկախ ես» կարգախօսը աւելի քան կը համապատասխանէ օրուան խորհուրդին: «Ատով իսկ մենք կ՝ուզենք ընդգծել այն պատասխանատւութիւնը, որ Հայաստանի իւրաքանչիւր քաղաքացի պէտք է կրէ՝ գիտակցելով, որ ինքը անկախ է անկէ բխող բոլոր հետեւանքներով»,- նշած է ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի ղեկավարը:


Ներկայացնելով հանդիսութեան մանրամասնութիւնները՝ Էտուարտ Աղաճանեան ըսած է, որ պիտի ըլլայ ներառական բոլոր իմաստներով: «Այն բեմերը, որոնք պիտի գործեն դէպի հրապարակ տանող փողոցներուն վրայ, պիտի ներկայացնեն գրեթէ բոլոր ոճերու երաժշտութիւն եւ պիտի ներառեն մշակութային գրեթէ բոլոր շերտերը: Եւ այս տեսանկիւնէն ես կը կարծեմ, որ տարբերութիւն պիտի ըլլայ նախապէս կազմակերպուած հանդիսութիւններէն: Երեւի, կը յիշէք, որ կար յստակ արուեստագէտներու խումբ մը, որոնք կ՝օգտուէին որոշ չափով մենաշնորհէն՝ ելոյթ ունենալու պետութեան կողմէն կազմակերպուած հանդիսութիւններուն: Այս անգամ մօտեցումը բոլորովին այլ է, եւ դուք պիտի տեսնէք բոլորովին նոր, երիտասարդ, տաղանդաւոր դէմքեր, որոնք անմիջական ձեւաչափի մէջ ելոյթ պիտի ունենան Հայաստանի քաղաքացիներուն համար»,- ըսած է ան:


21 Սեպտեմբերին կը նախատեսուի նաեւ ընդունելութիւն՝ կազմակերպուած վարչապետի կողմէն: «Երեւի տեղեակ էք՝ նախապէս այդ ընդունելութիւնները, մեծ մասամբ, կը կազմակերպուէին Կարէն Տեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ: Այս անգամ անոնք տեղի պիտի ունենան Բաղրամեան 26 հասցէին վրայ գտնուող կառավարական շէնքին մէջ: Այդտեղ եւս ձեզ կը սպասուի բաւական հաճելի անակնկալ»,- մանրամասնած է Էտուարտ Աղաճանեան: