Հայաստանի ազգային հաւաքականի նախկին աւագ, «Ինթըր»ի ֆութպոլիստ Հենրիխ Մխիթարեանը Where are you from (Ուրկէ՞ ես) հաղորդաշարի ժամանակ պատմած է Հայաստանի, հայ ժողովուրդի եւ հայկական աւանդոյթներու մասին։
Տեսահոլովակը հրապարակուած է ֆութպոլային ակումբի դիմատետրեան պաշտօնական էջին։
Տեսահոլովակի սկիզբը Մխիթարեանը նաեւ թուղթի վրայ նկարած է Հայաստանի եւ Արցախի քարտէզները, ապա ցոյց տուած է, թէ ուր կը գտնուի Երեւանը։
Ան Հայաստան այցելողներուն խորհուրդ տուած է այցելել Սեւանայ լիճ, Խոր Վիրապ, ուրկէ կարելի է տեսնել նաեւ Արարատ լեռը։
Հայ մարզիկը պատմած է նաեւ Երեւանի մասին՝ նշելով, որ այն շատ գեղեցիկ է յատկապէս ամրան։ Մխիթարեան նշած է, որ փափաքն է ասպարէզը աւարտելէ ետք վերադառնալ Երեւան։
Հենրիխ տեսահոլովակին մէջ պատմած է նաեւ իր հօր՝ յայտնի ֆութպոլիստ Համլեթ Մխիթարեանի մասին։
«Ինծի համար պատիւ եղած է խաղալ Հայաստանի մէջ եւ ներկայացնել ազգային հաւաքականը»,–ըսած է ան։