image
Հրատապ լուրեր:

Հայր Նարեկ վարդապետին Թագադիր Ծայրագոյն Վարդապետի տիտղոս եւ Երուսաղէմի մէջ Եկզարքի պաշտօն

Հայր Նարեկ վարդապետին Թագադիր Ծայրագոյն Վարդապետի տիտղոս եւ Երուսաղէմի մէջ Եկզարքի պաշտօն

 

«Ռատիօ Վատիկան»ի հայկական բաժանմունքէն վերահասու կը դառնանք, որ Հայ Կաթողիկէ Միաբանութեան երիտասարդ միաբաններէն Հայր Նարեկ վրդ. Նաամոյեանին տրուած է նոր պաշտօն։ 

Այսուհետեւ վարդապետը աստիճանի  բարձրացում ստանալով  պիտի ծառայէ Երուսաղէմի մէջ։

Ստորեւ «Արեւելք»ի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք «Ռատիօ Վատիկան»ի հայկական բաժնի տնօրէն՝ Տիար Ռոպէրթ Աթթարեանի կողմէ խմբագրուած լուրը՝

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ.-ի Հայրապետական կոնդակով, «յետ խորհրդակցութեան եւ որոշումի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Մնայուն Սիւնհոդոսին», Լեւոնեան Քահանայապետական Վարժարանի մեծաւոր` Հայր Նարեկ Ծ. Վ. Նաամոյեան անուանուեցաւ Երուսաղէմի եւ Յորդանանի Հայ Կաթողիկէներու Պատրիարքական Եկզարք, եւ անոր շնորհուեցաւ Թագադիր Ծայրագոյն Վարդապետի տիտղոսը, եպիսկոպոսական խոյր եւ գաւազան գործածելու իրաւունքով։

«Լիայոյս ենք թէ քու Մեծաւորի պաշտօնիդ երկար տարիներու փորձառութեամբ պիտի ըլլաս ճշմարիտ հովիւ հոգիներուն, հսկող աչքը անոնց հոգեկան կարիքներուն։ Ընտանիքները այցելել, հիւանդներն ու թշուառները հոգալ եւ ամբողջ համայնքը պահես եկեղեցւոյ շուրջ» գրուած է վերոնշեալ հայրապետական կոնդակին մէջ, որ աւարտած է Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ աղօթքով առ Ամենակալ Աստուած, որպէսզի նոր ընտրեալ Եկզարքին պարգեւէ «բարի հովիւին եռանդը եւ իմաստութիւնը, փնտռելով միշտ Աստուծոյ փառքը եւ հաւատացեալներուն բարիքը»։

“Ռատիօ Վատիկան – Վատիկան Նիուզի խմբագրական կազմը իր անկեղծ եղբայրական շնորհաւորութիւնները կը փոխանցէ Հայր Նարեկ Թ.Ծ.Վ. Նաամոյանին Երուսաղէմի եւ Յորդանանի Պատրիարքական Եկզարք անուանումին համար, Անոր մաղթելով պտղաբեր առաքելութիւն ի սպաս Աստուծոյ հաւատաւոր ժողովուրդին։”