Լիբանանի ՀՄԸՄ-ը երէկ պատմական յաղթանակ մը տարաւ Մարոքի մէջ եւ դարձաւ պասքեթպոլի արաբական ակումբներու 2017 տարուան ախոյեան:
Յիշեցնենք, որ ՀՄԸՄ մրցեցաւ Մարոքի «Ալ Սալա» խումբին դէմ եւ խաղը աւարտեց 99 -98 արդիւնքով:
Առաջին կիսախաղի աւարտին ՀՄԸՄ ձեռք ձգած էր 16 կէտի առաւելութիւն: Լիբանանեան Future կայանի խօսնակը յայտարարելով ՀՄԸՄ-ի պատմական յաղթանակին մասին ըսաւ. «Գեղեցիկ է այս յաղթանակը, յատկապէս որ լիբանանեան-հայկական ՀՄԸՄ մարզական ակումբը շուտով պիտի նշէ իր հիմնադրութեան հարիւրամեակը»: Փայլուն խաղարկութեամբ հանդէս եկաւ ՀՄԸՄ-ի խմբապետ Սեւակ Քէթէնճեան, որ ախոյեանութեան բաժակը ստացաւ պասքեթպոլի արաբական ակումբներու խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարէն:
Յիշեցնենք, որ միջին արեւելեան հայկական սփիւռքի պատմութեան մէջ այս առաջին անգամն է, որ հայկական խումբ մը կը տիրանայ ամբողջ արաբական աշխարհի պասքեթպոլի ակումբներու ախոյեանութեան բաժակին:
Այս առթիւ «Արեւելք» ջերմօրէն կը շնորհաւորէ ՀՄԸՄ-ը, անոր մեծ ընտանիքն ու աշխարասփիւռ անդամներն ու մարզիկները: