image

Հայերէնը կը զուարճանայ (59)

Հայերէնը կը զուարճանայ (59)

1. Ֆրանսա-Ֆրանսիա, ֆրանսացի-ֆրանսիացի

Google-ին կը դիմեմ  «Ֆրանսա» անունով, եւ  ահա առաջին տեղեկութիւնը կ’ըլլայ այն, որ այս երկիրը «Միութենկան-մենական կիսանախագահական հանրապետութիւն  է»... հասկցէ՛ք ինչ որ կ’ուզէք, ես բան մըն ալ չհասկցայ այս սահմանումէն, որուն բնաւ պէտք չունէի՝ ճանչնալու համար մեր գիտցած Ֆրանսան:

Ուրկէ-ուր սատանան դրդեց, որ բանամ նաեւ... «Ֆրանսիա». յայտնօրէն այս ինքնամեկուսացումը, որուն դատապարտուած եմ  աւելի քան մէկուկէս տարիէ, դեռ շատ ապուրներ  պիտի կերցնէ, եւ ես... պիտի ուտեմ  զանոնք:

Ուրեմն այստեղ ալ ըսուած է, որ ան «Ունիտար կիսանախագահական հանրապետութիւն է»... ունիտար, լա՛ւ հասկնանք, եւ տրուած է անգլերէն հոմանիշն ալ՝ unitary՝  շատ աւելի սրելով շփոթս ու զառածումներս: 

Այս խառնարանին մէջ դուք ձեր կարգին բան մը կը հասկնա՞ք, եթէ այո, ապա նախանձելի էք: Մարդ պէտք է Յակոբ Պալեանի խելքը ունենայ լուսաբանելու  համար այս լաբիւրինթոսը, քիչ կը մնար ըսէի...ճապկումը:

Եւ այս բոլորէն ետք կարելի չէ թախիծով չմտածել, թէ որքա՜ն  կեղծ ու արուեստական բաներով բաժնուած ենք իրարմէ՝ արեւելահայերն ու արեմտահայերս. մէկ կողմէ՝  Ֆրանսա-Ֆրանսիա, միւս կողմէ՝ միութենական-մենական եւ ունիտար: Եւ այս՝ եւրոպական երկրի մը ընդամէնը անուանումին  առթիւ:

Ի՞նչը կ’արգիլէր, որ մէկ ու միասնական անունով կոչէինք այս այնքան ծանօթ երկրին անունն ու վարչակարգը բնորոշող բառերը, ինչպէս  կը կոչենք Չինաստանինը, Զիմպապուէինն ու Մադագասկարինը:  

2. Եւ... և

Անյիշելի ժամանակներէ սկսած արեւելահայը գրած է և՝ միացած:

Մերոնք  ըրած են նոյնը:

Այս երեւոյթը աւելի շեշտուեցաւ խորհրդային կարգերու օրով, ուր և-ը կը նկատուէր մէկ տառանշան, որ կ’արտասանուի երկու հնչիւնով, աւելի ճիշդը...երեք՝  yev: Այսպէս ալ կը ներկայանայ ան  արեւելահայ ձեռնարկներու մէջ, ուր այբուբենի տառերուն թիւը կը նկատուի 40` տրուած ըլլալով որ  հոն  տեղ գտած է նաեւ ու-ն, որ կը հնչուի իբրեւ մէկ ձայնաւոր

Ուրեմն, ինչպէս ըսինք, մեր մէջ կացութիւնը բոլորովին տարբեր չէր, մինչեւ որ վերջին քանի մը տասնամեակներուն ձայներ բարձրացան, թէ պէտք է անջատ՝ «եւ» գրել  այս շաղկապը: Միայն թէ մեր իրականութեան մէջ կը գիտակցուէր, որ և-ը անկախ տառանշան մը չէ,  այլ գումարն է երկու տառերու՝  ե+ւ, եւ յարմարութեան սիրոյն է, որ կը գրուէր միացած, միւս կողմէ՝ եթէ ան կ’երեւի մեր այբուբենի ցանկին մէջ, կը կատարէ շաղկապի դերը՝ կապելով  օ եւ ֆ օտարամուտ փոխառեալ տառերը մեսրոպեան մնացեալ 36  բնիկ տառերուն:

Այս այսպէս ըլլալով՝ ճիշդ չեմ գիտեր, թէ ի՛նչ գործօններու բերումով ասկէ քանի մը տարի առաջ Հայաստանի մէջ սկսան գրել անջատ եւ: Այո՛,  գրեցին, սակայն  կիսկատար բարեկարգում մը մնաց ան շատ  տեսակէտներով, որոնց կ’անդրադառնանք ստորեւ: 

                                                                                 *   *   * 

ա) Նախ ամէնուր  եւ չեն գրեր, կարելի է ըսել՝ խելքը փչողը կը գրէ   եւ,  չփչողը կը շարունակէ և գրել. փաստօրէն ազատ է: Եւ միայն գիտցողը գիտէ, թէ արեւելահայը ինչպէ՞ս կը վարուի ազատութեան հետ եւ  ի՜նչ խաղեր կրնայ խաղալ անոր գլխուն:  

Կը բաւէ թերթատել քանի մը աղբիւր՝ իսկոյն անդրադռնալու համար կացութեան:

բ) Երբ պիտի գլխագրեն այս շաղկապը, ապա  և-ը կը քակուի ու կը դառնայ  ԵՎ եւ ոչ թէ ԵՒ,  այսինքն՝ Ւ տառը կը չքանայ կամ կը վերանայուի, կը դառնայ Վ. խնդրեմ, մի՛ հարցնէք՝ ինչո՞ւ: Եւ այս ընդհանուր երեւոյթ է, բացառութիւն չի ճանչնար :   

գ) Նախադասութեան սկիզբը կը գրեն Եվ՝ Փոխանակ Եւ-ի. օրինակ՝ 

«Եվ կարաւանը Աբու Լալայի աղբիւրի նման մեղմ կարկաչելով...» (Աւ. Իսահակեան):

դ) Տողադարձի ատեն եւ կը դառնայ եվ. օրինակ՝ Լե-ւոն > Լե-վոն, հե-ւալ > հե-վալ, եւ այսպէս շարունակ:  Այստեղ եւս ձեր ինչո՞ւ-ն պահեցէք ձեզի: Բայց թոյլ տուէք, որ  ձեր փոխարէն հարցնեմ՝ ի՞նչ տրամաբանութեամբ... որովհետեւ այսքան անհեթեթութիւնը շատ է այս խեղճ լեզուին եւ ուղղագրութեան գլխուն, որոնք «հայերէն» կը կոչուին:

Այս բոլորին համար որո՞ւ պէտք է դիմել պատշաճ ու տրամաբանական պատասխան ստանալու համար,−  բայց այսօր ո՞ր հարցումը իր գոհացուցիչ պատասխանը կը գտնէ յայնկոյս Արարարտի, որ այս մէկը գտնէ:    

                                                                            *   *   *

Ըստ  Վիքիպեդիայի,  եւ-ը 37-րդ տառն է «ժամանակակաից հայկական այբուբենի», որ  ներմուծուած է միջին դարերուն  ե եւ ւ տառերու համադրումով՝ որպէս կցագիր, եւ «այնուհետեւ սկսել է հանդէս գալ որպէս մէկ ամբողջութիւն»:  Կը կարդաս այս բոլորը եւ կ’ապշիս,  թէ ինչպէ՛ս կարելի է այսքան արուեսական ու քմահաճ մեկնաբանութիւն տալ իրողութեանց: 

Ո՞վ եւ ի՞նչ իրաւունքով կ’որոշէ, որ եթէ ե եւ ւ կցեալ գրուին, կը վերածուին մէկ տառի: Մենք ունեցած ենք բազմաթիւ ուրիշ զոյգեր ալ, օրինակ՝   ﬓ, ﬖ  եւ այլք,  որոնք կցեալ գրութիւն ունէին եւ ոչ մէկ ատեն մէկ տառ նկատուած են: Տառին բնոյթը կ’որոշուի իր  արտասանութ- եամբ. Ու-ն մէկ տառ կը նկատենք, քանի մէկ հնչիւն կը նշէ, հնչիւն, որ այլ այբուբեններու, օրինակ՝ լատիներէնի, գերմաներէնի, իտալերէնի, թրքերէնի մէջ կը գրուի մէկ ու միասնական նշանագրով: Մինչ եւ կամ և միշտ եւ ամէնուր արտասանուած են իբրեւ երկու շատ որոշ տարբերակուած հնչիւններ՝ ե եւ ւ: 

3. Հրաչեայ Աճառեան կ’ըսէ. «Մենք ընդհանրապէս ճիշդ կը մտածենք, սակայն միշտ չէ, որ ճիշդ կը գրենք»: Այլ խօսքով՝ չի բաւեր ճիշդ մտածել, տակաւին  հարկ է, որ ճիշդ արձանագրել կարենաս միտքդ: Ինչ որ միշտ չի յաջողիր: Ստորեւ խօսուն օրինակ մը մեր ամենավարժ գրող  մէկ մտաւորականէն, որ «Պայքար»-ի խմբագրապետն է: 

«Պէտք չէ մոռնանք որ արտաքին թշնամին  քիչ անգամ կրնայ ծունկի բերել մեզ  եթէ մենք ու մեր երկիրը, մեր ժողովուրդը միասնական չըլլան» (թիւ 251, խմբագրական): 

Ուրեմն թշնամին քիչ անգամ կը յաղթէ, եթէ...միասնական չըլլանք:

Այլ խօսքով՝ «Եթէ միասնական ըլլանք... շատ անգամ կը յաղթէ ան»:

Եւ ահա «Պայքար»-ի աշխարահայեացքին ալ հետեւելով՝ հայութիւնը այսօր, ի հայրենիս եւ ի սփիւռս, բզիկ, բզիկ, բզիկ եղած է, որպէսզի... շատ անգամ յաղթէ:

Հապա՞՞՞...

 

Արմենակ Եղիայեան