1.Շրուանդ
Պատկերացուցէք, որ ողկոյզ մը խաղող կ’ուտէք եւ ի վերջոյ կուլ կու տաք անոր վերջին հատիկն ալ. ձեր մտքէն անցա՞ծ է երբեւիցէ, թէ ինչպէ՞ս պէտք է կոչել այն հատազուրկ կմախքը, որ կը պատրաստուիք աղբանոց նետել:
Կը թուի, թէ չէք մտածած... ճիշտ այս տողերը գրողին պէս:
Իսկ մեր լեզուն, իմա՝ մեր նախնիները շատ ու շատ հեռաւոր անցեալին մտածած են այդ մասին եւ անոր տուած են անուն մըն ալ՝ շրուանդ:
Կացութիւններ կամ գիւտեր կան, որոնք պարզապէս ապշեցուցիչ են, եւ ես ապշեցայ կարդալով այս բառին մասին մեր բոլորին գերագոյն գանձարանը հանդիսացող «Նոր հայկազեան»-ին մէջ: Ան կու տայ հետեւեալ զուարճալի օրինակը.
«Ոզնին յորժամ ողկոյզն ելանէ այգւոյն, արկանէ զպտուղն խոնարհ, եւ ինքն թաւալի ի վերայ եւ թողու լոկ զշրուանդ»:
Որ թարգմանի՝
«Երբ այգիին մէջ ողկոյզը երեւի , ոզնին ցած կը բերէ պտուղը, կը թաւալի անոր վրայ եւ միայն շրուանդը կը թողէ»:
Հետաքրքրական է, թէ ճիշտ ի՛նչ անհրաժեշտութենէ մղուած՝ մեր նախահայրերը հնարեր են այս բառը, որ ունի բայ մըն ալ՝ շրուանդել, այսինքն՝ խաղողը զրկել հատիկներէն,− քանի որ ամէն բառ կը ծառայէ նպատակի մը, կը գոհացնէ անհրաժեշտութիւն մը, կարիք մը: Մարդու մտքէն չէ անցած, օրինակ, անուն մը տալ մրջիւնի ձագին, մինչ աշխարհի բոլոր լեզուները անուն տուած են կովու, ձիու ու ոչխարի ձագերուն, որովհետեւ... ասոնք առօրեայ-կենցաղային արժէքներ են: Ահա այս տեսանկիւնէն ալ մօտենալով՝ կարելի է քիչ մը զարմանալ շրուանդ եւ շրուանդել բառերու յառաջացումին:
Ինչ գիտնամ, կ’երեւի հարցերը պէտք է դրուին, որպէսզի մտածենք անոնց մասին. այդպէս ալ եղաւ. հազիւ դրի հարցը, եւ ահա... սկսայ մտածել:
Ի զուր չէ ըսուած՝ cogito, ergo sum !!! «կը մտածեմ՝ ուրեմն...կա՛մ»:
* * *
Հիմա պիտի տամ երկրորդ հարցում մը. դուք հնձան ըսուածը տեսա՞ծ էք...
Հնձանը, այգիին մէջ կամ անմիջական մերձակայքը փորուած, ընդհանրաապէս շրջանակաձեւ փոս մըն է, մօտաւորապէս երկու մեթր տրամագիծով եւ կէս մեթր խորութեամբ: Այգեկութքին, որ սովորաբար կը տեւէ միջին հաշուով ամիս մը, այդ փոսը կը լեցնեն խաղողով, մերկ ոտքերով կը մտնեն մէջը ու կը սկսին կոխկռտել ու ճզմել ողկոյզները: Խաղողին հիւթը հնձանին կից բացուած նեղ առուակէ մը դուրս կը հոսի ու կը լեցուի ընդունարաններու մէջ, որոնք քիչ ետք պիտի պարպուին տակառներու մէջ՝ ապահովելով ձմռան գինիի եւ քաղցրաւենիքի պաշարները:
Ես այդպիսի հնձան մտած եմ... Պա‛լպեքի մէջ անցած դարու կէսերուն:
Յաջորդ քայլին՝ ճզմուած խաղողը կը հեռացնեն ողկոյզներէն՝ կը շռուանդեն զանոնք. ասոնք իրենց կարգին կ’օգտագործուին տնտեսական այլ նպատակներու՝ չամիչի, անասնակերի եւ այլնի: Եւ ահա անդինը կը մնայ... շրուանդներու կոյտը:
Այս բոլորէն ետք կարելի՞ էր անուն մը չհնարել այդ գործողութեան եւ անկէ յառաջացած հատազուրկ ողկոյզներու կմախքին մասին:
Ծանօթ.− Գինեգործական արդի հաստատութիւնները անշուշտ վերոնշեալ հնձաններով չեն գործեր այլեւս, այլ ունին մեքենական ճմլոցներ ու շրուանդիչներ, այլ հարց թէ անձնական գետնափոր հնձաններ շարունակեն գործել աշխարհի զանազան անկիւնները:
2. Շրշիւն-շրշել
Պետրոս Դուրեան իր «Յուշք» բանաստեղծութեան մէջ կը գրէ.
«Երբ շրջազգեստ մը շրշէ,
Իմ մաշած սիրտը յիշէ»:
Որքա՜ն խոր ու նուրբ արուեստով յղացուած է երկատողը:
Եթէ ձայնաւոր կարդաք զայն, ապա պիտի զգաք, որ ան, բառերէն անդին, բաներ մը կը շշնջայ ձեր ականջներուն՝ իր շ-երու կրկնութեամբ՝շը՜...շը...շը՜...շը՜ որ ընթերցողին կ’օգնէ, կը նախապատրաստէ զայն շրշել բայի սեւեռումին:
Ահա բառային ու... մտային ուրիշ մարտահրաւէր մը:
Ուրկէ՞ ելաւ այ բառը ու ճիշդ ի՞նչ կը նշանակէ ան :
Եւ անշուշտ պէտք կ’ըլլայ դիմել մեր բառարաններուն՝ Գայայեանին, Ճիզմեճեանին, Տէր Խաչատուրեանին եւ Կռանեանին, որոնց ոչ մէկը ունի զայն: Աղէ՜կ, եթէ Դուրեանի մէկ բառը արեւմտահայ բառարանին մէջ ալ պիտի չգտնեմ, հապա ո՞ւր պիտի գտնեմ: Ինչպէ՞ս կազմուած են այս բառարանները, ուրկ՞է եւ որո՞ւ կիրարկած բառերը բացատրած են անոնք, եթէ Դուրեանի պէս հանրաճանաչ, ազգին փառքը կազմող բանաստեղծին այնքան գողտրիկ քերթուածին բառերը պիտի չծանօթացնեն հետագայ սերունդներուն:
Ճարահատ կը դիմեմ արեւելահայ բառարաններու. եւ Աղայեանի մէջ կը գտնեմ՝
«շրշել – մեղմ շրշիւն հանել, մեղմօրէն շնկշնկալ, սօսափել, հովից՝ զեփիւռից մեղմօրէն շարժելով սըւսուացնել, մեղմօրէն հնչել, շշնջալ, շշուկով խօսել՝ ասել...»:
Իսկ Ակադեմիայի քառահատորը կը բացատրէ շրշիւնը. «խշշոց, շրշալու մեղմ ձայն, սօսափիւն»: Եւ կը հետեւին բնագրային օրինակները՝ արեւելահայ հեղինակներէ քաղուած:
Ինչպէս կը տեսնենք՝ բառարանագրութիւն կայ, բառարանագրութիւն ալ կայ...
Դուրեան այս բոլորը զգացած է կանացի շրջազգեստէն, անոր արձակած այնքան... առինքնող ու հարբեցնող շրշիւնէն, խշրտոցէն: Ո՞ւր, ե՞րբ, որո՞ւ վրայ լսած է այդ շրջազգեստի յատկապէս փէշին խշրտոցը, սօսափիւնը, զո՞վ իբրեւ մտապատկեր ունի այդ բոլորին ետին,− ո՞վ գիտէ, կարելի է միայն ենթադրել, որ թերեւս այն շէնշող օրերուն էր, երբ տակաւին թատրոն կը յաճախէր, այնտեղ պարմանուհիներ հերթի կը կանգնէին իր անցքին վրայ՝ հպարտանալով անոր մէկ բառին, մէկ նայուածքին, մէկ շարժումին կամ ժպիտին արժանացած ըլլալնուն, եւ իրարու ձեռքէ կը խլէին զինք:
Հիմա այդ բոլորը... «յուշք» են միայն, ինչպէս կը թելադրէ քերթուածին խորագիրը, յուշք, որոնք ուշացած կարօտով մը կը յաճախեն իրեն իր երկար հոգեվարքին մէջ,− չորս ամիս ետք պիտի մեռնի ան,− երբ ա՛լ մաշած է սիրտը եւ նման շրշիւն լսելու յոյսը չունի այլեւս, եւ կը հրաւիրէ իր մէկ մտերիմը՝ յիշելու մաշած սիրտը՝ զինք այնքան խոր տպաւորած այդ շրշիւնը ի՛ր փոխարէն լսելու առթիւ:
ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ