Կեսար-Սեզար (César)
Մեր արդի լեզուին մէջ գոյութիւն ունին կարգ մը պատմական օտար անուններ, որոնք կը գրուին կամ աւելի ճիշդը պէտք է գրուին երկու տարբեր ուղղագրութեամբ՝ զանազանելով տուեալ անունին պատմական արտասանութիւնը եւ արդի արտասանութիւնը: Այսպիսիներուն տիպարն է հռոմայեցի զօրավարին անունը. պատմականօրէն ան Կեսար է, եւ այս ուղղագրութիւնը պէտք է յարգուի այնքան ատեն, որ հայերէն կը գրենք ու կ’ակնարկենք այդ զօրավարին, կամ նոյն ծիրին մէջ գտնուողներուն, եւ զգալի է անոնց պատմականութիւնը, ինչպէս՝ Օգոստոսն է, Ներոնն է, Կոստանդիանոսն է եւ այլն:
Բայց այդ նոյն անունը, իր կարգին որոշ հնչիւնափոխութեամբ, կը գտնենք կարգ մը արդի լեզուներու մէջ՝ իբրեւ յատուկ անուն, ինչպէս ֆրանսերէնի, ուր ան կ’արտասանուի Սեզար, անգլերէնի մէջ, ուր ան Սիզըր է, իտալերէնի մէջ, ուր Չեզարէ դարձած է եւ այլն եւ որոնք այս նոյն արտասանութեամբ կ’անուանեն թէ՛ պատմական դէմքը, թէ՛ միսով ու ոսկորով ժամանակակից անհատներ: Հայերէնը նման պարագաներու չի կրնար վերադառնալ պատմական արտասանութեան կամ տառադարձութեան. թոյլատրելի չէ, César անունը կրող ֆրանսացի կամ արաբ դրացիիդ ակնարկելով, Կեսար կոչել զայն:
Ֆրանսայի փառքը կերտողներէն Louis XIV-ը ի վաղուց անտի տառադարձած ենք Լուդովիկոս (ԺԴ), այսպէս ալ ան մտած է մեր դասագիրքերուն մէջ, թէեւ ֆրանսերէնի հետզհետէ նուազող կարեւորութիւնը շատ յաճախ մոռացութեան մատնել կու տայ այս արտասանութիւնը: Արդ, այդ նոյն անունը կրող ժամանակակից անհատը՝ դրացիդ, պաշտօնակիցդ կամ քաղաքական դէմք մը, չես կրնար պատմական տառադարձութեամբ կոչել, այլ պարզապէս պիտի կոչես Լուի, այլ հարց, թէ ինքը՝ ֆրանասացին, երկուքն ալ կոչէ Louis՝ «Լուի»:
Բերենք վերջին օրինակ մըն ալ, որ է պատմական Charles անունը, որ հայերս անցեալին դարձուցած ենք Կարոլոս, իսկ արդի արտասանութեամբ Շարլ, Չարլի կամ Քարլոս է, բայց բնաւ երբեք Կարոլոս. ոչ մէկ հայու մտքէն անցած է մինչեւ հիմա «Կարոլոս դը Կոլ» կոչել Ֆրանսացի ծանօթ զօրավարը:
Կանոնը քիչ մը աւելի երկփեղկուած, թոյլ ու տատամսոտ է աշխարհագրական անուններու պարագային, թէեւ այստեղ ալ որոշ սկզբունք մը կը գործէ. օրինակ՝ ունինք պատմական Եդեսիա անունը, որ նաեւ Ուռհա էր, իսկ արդի օտար արտասանութեամբ Ուրֆա է: Այնպէս ալ՝ Մելիտինէ-Մալաթիա, Պոլիս-Կոստանդնուպոլիս-Իստանպուլ, Սեբաստիա-Սուազ, Չորք-Մարզպան-Տէօրթ Եոլ եւ շատ ու շատ այսպիսիները: Պատմական Հայաստանի տեղանուններուն հանդէպ տարբեր զգայնութիւն եւ մօտեցում ունինք. սփիւռքահայը կը խորշի Ստամպուլ թրքական անունէն (որ խորքին մէջ յունական ծագում ունի), որքան ալ աշխարհը այդպէս ճանչնայ զայն, ու կառչած է միւս երկուքին. մինչ թրքահպատակ հայը պարտաւոր է կիրարկել անոր պաշտօնական անունը: Սակայն նոյն արեւմտահայը աւելի թոյլատու է, օրինակ, Մալաթիային ու Տէօրթ-Եոլին հանդէպ, մինչ արտասանական տատանում մը կայ Սեբաստիային ու Սուազին միջեւ. այսպիսիներուն զանազանումը քիչ մըն ալ կախեալ է խօսողին պատմական ծանօթութենէն: Շատ հայեր չեն գիտեր, թէ արդի Ուրֆան անցեալին Եդեսիա էր, եւ առանց բարդոյթի կու տան անոր արդի անուանումը, որ ան կը կրէր նաեւ այն օրերուն, երբ մեր անմիջական մեծհայրերն ու պապերը կ’ապրէին այնտեղ:
Պատմական յիշողութեան հետեւանք են նաեւ այն մանր-մունր շեղումները, որոնք կը յառաջանան այլուր եւս, ուր զգայնութեան գործօն գոյութիւն չունի այլեւս. օրինակ՝ յունահայը եւ ոչ միայն յունահայը՝ տեղաբնակներուն հետեւողութեամբ Կորինթոս կ’ըսէ հոն, ուր պատմական անուանումը հայերէն Կորնթոս է. ան պարզապէս չի ճանչնար այս վերջին արտասանութիւնը, որ այնքան ալ յաճախուած չէ եւ գրեթէ միայն հոգեւոր գրականութեան մէջ աւանդուած է:
Նոր սերունդը ընդհանուր ազգաց պատմութիւնը այլեւս միայն օտար լեզուներով կը սորվի, հետեւաբար չի ճանչնար տառադարձութիւններ, որոնք շատ սովորական էին մէկ-երկու սերունդ առաջ. օրինակ՝ Cappadoce աշխարհագրական անունը տառադարձուած կը գտնեմ Քափատոչիա, մինչ մօտիկ անցեալին զայն կը կոչէինք Կապադովկիա, որովհետեւ գոյութիւն ունէին պատմութեան եւ աշխարհագրութեան հայերէն դասագիրքեր, ուր նմանները աւանդուած կ’ըլլային հայեցի տառադարձութեամբ: Այսօր շատ սովորական է հանդիպիլ Թրաժան կամ Թրաճըն ուղղագրութեան՝ Trajan կայսրի անունին դիմաց, որ Տրայանոս կը գրուէր անցեալին: Այսպիսիներուն ցանկը շատ երկար է դժբախտաբար:
Վերջերս շատ քաշքշուեցաւ Հուսթինիանոս անունը՝ Այա Սոֆիա տաճարի մզկիթի վերածման առթիւ,− մինչ ճիշդ արտասանութիւնն է Յուտինիանոս, որ այդ տաճարը կառուցողն է:
Աւելցնենք, որ արեւելահայերէնը,− ուր տառադարձական երեւոյթները շատ աւելի ուղղափառ հիմերու վրայ դրուած են,− որոշ «սրբագրութիւններ» կատարած է պատմական տառադարձութեան, յատկապէս երբեմնի Ֆ-Փ եւ Լ-Ղ հնչիւններու ծիրէն ներս. արդի արեւելահայը կ’ըսէ Աֆրիկա՝ այն տրամաբանութեամբ, որ այս աշխարհամասին անունին երկրորդ տառը համաշխարհայնօրէն Ֆ է եւ այդպէս ալ եղած է անցեալին: Արդ, հայերս Ափրիկէ տառադարձած ենք, քանի Ֆ տառը չունէինք, սակայն հիմա որ ունինք զայն, հետեւաբար շեղումի տեղիք չի մնար: Նոյն «տրամաբանութեամբ» ալ կ’ըսեն Պլատոն, փոխանակ Պղատոն-ի, քանի որ մեսրոպեան Ղ տառը փոխած է անցեալի իր արտասանութիւնը, որ համարժէք էր լատինական L-ին. ուստի, արդի արեւելահայը պարզապէս կը վերականգնէ յոյն փիլիսոբային անունին բնիկ արտասանութիւնը՝ հայկական Ղ-ը փոխարինելով հայկական Լ-ով:
Յամենայն դէպս այս վերանայումները ընդհանուր բնոյթ չեն կրեր. օրինակ՝ ֆիլոսոֆոս-փիլիսոփայ, ֆիլ-փիղ, balnea-բաղնիք եւ այլն կը մնան անփոփոխ:
Զգուշ վերանայումներ փորձուած են մեր մէջ եւս յարաբերաբար գրաբարեան տառադարձութեան. կը բերեմ օրինակներ Զարեհ սրբ. Ազնաւուրեանի «Նոր կտակարան»-ի աշխարհաբար փոխադրումէն՝ Բեթլեհէմ փոխան գրաբար բնագրի Բեթղեհէմ-ի: Այնպէս ալ՝ Լուկիոս-Ղուկիոս, Ֆիլատելֆիա-Փիղադեղփիա, Ֆիլոլոգոս-Փիղողոգոս, Ֆելիքս-Փելիքս, Ակիլաս-Ակիւղաս, Նիկէր-Նիւգէր, Ռոդոն-Հռոդոն եւ այլն, ուր սակայն նմանապէս շատ ուրիշ օրինակներ մնացած են անփոփոխ: Անշուշտ կարելի չէ ըսել, թէ հետեւողական աշխատանք մըն է եղածը. օրինակ՝ ինչո՞ւ պիտի պահուէր Փիլիպպոս-ը ու վերանայուէր Փելիքս-ը, կամ թէ պիտի պահուէր Ղուկաս-ը ու վերանայուէր Ղուկիոսը :
ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ