1.Ի՞նչ իմաստ պիտի թելադրէր ձեզի հետեւեալը.
«Զինծառայողներ աւելի քան երեք ժամ փակած են Սեւան տանող ճամբան»:
Ան պիտի նշանակէր՝ Ճամբուն փակումը տեւեց երեք ժամ: Եւ լռելեայն կ’իմացուի նաեւ, որ այդ երեք ժամերը անցած, աւարտած են, եւ ուրեմն...ճամբան այլեւս փակ չէ:
Այսպէս կը թելադրէ «փակած են» բայը, որ վաղակատար եղանակի է, այսինքն ՝ ցոյց կու
տայ գործողութիւններ կամ վիճակներ, որոնք տեղի ունեցած են, սկսած են անցեալին:
Սայկայն ան ուրիշ իմաստ ունի արեւելահայերէնի մէջ:
Ճամբու փակումը սկսած է երեք ժամ առաջ, եւ այդ փակումը ընթացքի մէջ է: Եւ լռելեայն կ’իմացուի, թէ չենք գիտեր մինչեւ երբ պիտի տեւէ:
Այլ խօսքով՝
---ճամբան փակ էր, բայց այլեւս փակ չէ:
---ճամբան փակ էր ու կը շարունակէ փակ մնալ:
Եւ այս երկւութիւնը տեղւոյն վրայ լուսաբանելն ու ճիշդ կողմնորոշուիլը որոշ ճիգ կը պահանջէ, որ ամէն լրագրող, միշտ տրամադիր չէ ի գործ դնելու: Կայ մարդկային բնական ծուլութիւնը, որ կը մղէ մեզ կարճի կապել ամէն գործ, նաեւ լեզուի իմացութիւնը: Հետեւանքը այն կ’ըլլայ, որ երբեմն իրականութեան հակառակը կը փոխանցենք մեր ընթերցողներուն եւ մերձաւորներուն:
Թէեւ երեւութապէս սպառեցաւ նիւթը, սակայն միտքս այնքան ալ հանգիստ չէ, որ ամէն ընթերցող ըմբռնեց, ուստի պիտի փորձուիմ տալու ուրիշ օրինակ մըն ալ, որ հետեւեալն է .
«Այս մարդը բանտ նստած է»:
Սա ունի երկու մեկնաբանութիւն.
---Ան օրին բանտարկուած է (լռելեայն՝ հիմա սակայն այլեւս ազատ է):
---Ան այս պահուս տակաւին բանտարկուած է:
Այս վերջինը հետեւանք է արեւելահայ լեզուամտածողութեան:
* * *
Ուրկէ՞ եւ ինչպէ՞ս յառաջացած է իմաստային այս շփոթը:
Փակած բառը արեւմտահայ լեզուամտածողութեան մէջ կը շարունակէ պահել իր դերբայական հանգամանքը, եւ «պահած է» կը ներկայացնէ բայական ժամանակ մը, որ վաղակատար ըսուածն է, այսինքն՝ անցեալի մէջ սկսած ու աւարտած գործողութեան ու վիճակի ցուցիչը: «Այս մարդը շատ տաք ու պաղ օրեր տեսած է»,− ըսող ու զինք ընկալող արեւմտահայուն համար այդ մարդը այդ տաք ու պաղ օրերը տեսած ու անցուցած է. այդ բոլորը տեղի ունեցած են անցեալի մէջ տեղ մը կամ պահ մը, որոնք չեն առնչուիր այլեւս այն ներկային, ուր կը խօսինք իր մասին:
Մինչ նոյն փակած-ին դերբայական արժէք այլեւս մաշած է արեւելահայուն համար եւ ժամանակային սահմանափակում չի թելադրեր. արեւելահայ խոնարհական յարացոյցին մէջ նման դերբայ չէք գտներ. ան ունի ածականական արժէք, եւ փակած կը նշանակէ փակ. եւ ամէն ածականի պէս անոր նշանակութիւնը զերծ է ժամանակային սահմանափակումէ. փակած՝ կ’ակնարկէ վիճակի մը, որ մնայուն է, ճիշդ ինչպէս մեծ կամ պզտիկ ածականները միշտ եւ բոլոր ժամանակներուն համար ունին նոյն նշանակութիւնը: Ան փակ(ու)ած է եւ ան փակ է կ’ակնարկեն երկու մնայուն՝ ժամանակէ անկախ ըմբռնուող վիճակներու:
Ահա այս երկւութեան հետեւանք էր այն լուրը, որ կ’ակնարկէր Սիւնեաց աշախարհի ինչ-որ մէկ ճամբուն, որ տուեալ պահի մը փակուեցաւ զիծառայողներու կողմէ:
---Ըստ ոմանց՝ ան այլեւս փակ չէ:
---Ըստ ուրիշներու՝ ան տակաւին փակ է:
Մեզմէ ոմանք փակած-ը մեկնաբանած են դերբայական նշանակութեամբ, ուրիշներ...ածականական նշանակութեամբ, այս վերջինը՝ արեւելահայերէնի թելադրանքով: Եւ ամէն մէկը բանեցուցած է իր սեփական ջաղացքը՝ այդ ճամբան փակ տեսնել ուզողները յայտարարած են, որ ան տակաւին փակ է, իսկ զայն բացուած տեսնել ուզողները յայտարարած են, որ ան արդէն բացուած է:
2.Մակար Գաղիացի եւ ...հայերէնը
Երեւոյթները ցոյց կու տան, որ իմ վաղեմի բարեկամս՝ Մակար Գաղիացին, այլեւս չի յաջողիր նորութիւն ընդունիլ ու ըմբռնել, ա՛լ ուր մնաց որ յիշէ ու կիրարկէ զանոնք: Ցաւալի է, բայց այս այսպէս է, ուրիշ բան չենք կրնար մտածել՝ ի տես այն սխալներուն, որոնք օրինակելի հետեւողականութեամբ կը կրկնուին սփիւռքի տարածքին, ուր ամէն տեղ են իր յօդուածները, ուրեմն նաեւ՝ գործած սխալները:
***«Իրաւարարները պիտի ենթարկուի՞ն Էրտողան-Ալիեւ զէնքի զօրութեան արդիւնքով ստեղծուած կացութեան»:
---Դո՞ւն ալ, Բրուտո՛ս...Այս բանը կը վայելէ՞ քեզի:
Բոլորդ գիտէք, որ արդիւնքով կոչուած գարշահոտութիւնը այնքան կ’ապականէ հայերէնը՝ մէկ կողմէ իր ռուսական ծագումով, միւս կողմէ այն եզրաբանական նախճիրով , որ ան գործած է հայերէնի մէջ՝ դուրս ձգելով այնքան հարազատ ու տոհմիկ հետեւանքով, պատճառով, շնորհիւ ու բերումով բառերը:
Եւ կարելի չէ չզարմանալ. ինք, որ այնքան կատաղի պայքար կը մղէ օտարաբանութեանց դէմ՝ ունենալով մեր համակրանքն ու քաջալերանքը, ինչպէ՞ս կը յօժարի իր սեփական ձեռքերով կիրարկել այս վերջինը, որ օտարաբանութեան տիպար է:
Եւ մենք տակաւին մինչեւ ե՞րբ պիտի ճգնինք այսքանը իրեն սորվեցնելու:
***Միացեալ Նահանգները, Ռուսիան եւ Ֆրանսան, որեւէ մէկէն աւելի գիտակից են...
---Գիտակից են ստորոգիչը ստորակէտով տրոհուած է իր ենթակայէն, որ Ֆրանսան է իր ստորակէտով: Եղա՞ւ, կլլուելիք լուտա՞նք է այս կէտադրական ոճիրը:
***Ամերիկայի, Եւրոպայի, եւ Մինսքի խումբի մաս չկազմող...
---Ամերիկա, Եւրոպա, Մինսքի խումբ համադաս բառեր են, եւ երբ համադաս բառերու վերջին երկուքը կը շաղկապուին եւ-ով, ապա այս եւ-էն առաջ ստորակէտ չի դներ հայերէնը. զայն կը դնեն անգլերէնն ու ֆրանսերէնը, սակայն մեր բարեկամը մինչեւ ե՞րբ օտարը պիտի նախընտրէ հայկականէն, մինչեւ ե՞րբ իբրեւ օտար պիտի մտածէ ու կէատդրէ, ժամանակը չէ՞ քիչ մը հայանալու եւ հայու պէս զգալու, մտածելու եւ գրելու:
***Աւելցնե՞մ, որ կարենալ բայը գործածել ալ չէ սորված մինչեւ հիմա...Իսկ թէ ե՞րբ պիտի սորվի,− Աստուած գիտէ: Այս բաները մե՞նք մնացինք սորվեցնող...
Միւս կողմէ՝ չսորվեցնենք, ինչպէ՞ս ընենք:
ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ