1.Տառադարձութիւն (transcription)
Տառադարձութիւնը կը կայանայ լեզուի մը մէկ բառը ըստ արտասանութեան այլ լեզու մը փոխադրելու մէջ: Ուրեմն փոխադրումը կը հիմնուի տուեալ բառի արտասանութեան վրայ՝ առանց նկատի առնելու, թէ տուեալ լեզուն ի՛նչ տառային միջոցներ կիրարկած է:
Օրինակ՝ ֆրանսացին իր Georges յատուկ անունը կ’արտասանէ հայու լսողութեամբ՝ Ժորժ,− ուրեմն հայ տառադարձողը իր սեփական լեզուով պիտի գրէ Ժորժ, այսինքն՝ լսածին պէս: Նոյնը ամերիկեան միջավայրին մէջ պիտի հնչէ Ճորճ, իսկ սպանական միջավայրի մէջ՝ Խորխէ:
Կը պատահի, որ լեզու մը չունենայ այլ լեզուի այսինչ կամ այնինչ հնչիւնը. այս պարագային ան այդ պակսող հնչիւնը կը փոխարինէ իր մէկ ունեցածով. օրինակ՝ հայերէնը երկար ատեն չէ ունեցած Ֆ հնչիւնն ու տառը, այս պատճառով տառադարձելի լեզուի Ֆ-ը փոխարինած է ընդհանրապէս Փ-ով. օրինակ՝ ֆիլ տուած է փիղ, ֆիլոսոֆոս տուած է փիլոսոփոս (աւելի ուշ՝ փիլիսոփայ), իսկ երբեմն ալ օտարին Ֆ-ն տառադարձած է Հ. օրինակ՝ frahang տուած հրահանգ, frapad՛ak տուած է հրապարակ:
Ծանօթ.—Այստեղ կը տեսնէք ուրիշ փոխարինումներ եւս. օրինակ՝ լ դարձած է ղ, d՛ դարձած է ր: Չեմ բացատրեր, որպէսզի մանրամասնութիւններով չծանրաբեռնեմ յօդուածս:
Հին յոյները շատ լաւ կ’արտասանէին b հնչիւնը, եւ յունական այբուբենին երկրորդ տառը β=b=բ է: Ժամանակի ընթացքին անոնք կորսնցուցին այդ յատկութիւնը: Արդի յոյնը, օրինակ, չի կրնար արտասանել b, փոխարէնը կ’արտասանէ v: Երբ լիբանանցի ճամբորդը մաքսատան պաշտօնեային կ’ըսէ Lebanon, ան կը կրկնէ Levanon: Ան նաեւ չի հաւատար, թէ իր այբուբենին երկրորդ տառը ատենօք b կ’արտասանուէր, այլ կը պնդէ v-ին վրայ:
Տակաւին շատ ու շատ այսպիսի պատշաճեցումներ կրնան պատահիլ մէկ լեզուէ ուրիշ լեզու կատարուած տառադարձութեան առթիւ, որ, կը շեշտենք, կը փորձէ վերարտադրել արտասանութիւն մը՝ անկախ զայն կազմող տառերուն բնոյթէն ու գումարէն:
Տառադարձութիւնը շատ սովորական, ընացիկ կրթանք մըն է, որ միշտ այժմէական է. որեւէ անհատ, մասնաւորաբար լրագրող կրնայ միշտ պէտքը զգալ տառադարձելու անծանօթ բառեր, մանաւանդ հիմա, երբ այնքան պզտիկցած է աշխարհը եւ այնքան նոր բառեր՝ յատուկ եւ հասարակ, կ’իյնան մեր գիտակցութեան պաստառին վրայ ու կը լեցնեն մեր կեանքը:
2. Գրադարձութիւն (translittération)
Այս երկու եզրերուն արմատները հոմանիշ կամ նոյնանիշ են՝ տառ եւ գիր, սակայն անոնք կը բնորոշեն երկու շատ տարբեր հասկացութիւններ:
Գրադարձութիւնը իր կարգին լեզուի մը բառերուն փոխադրումն է այլ լեզուի մը, սակայն այստեղ ան տեղի կ’ունենայ մեկնելով ոչ թէ տուեալ բառի արտասանութենէն, այլ անոր տառային օժիտէն, ունեցած տառերու հաւատարիմ վերարտադրութենէն:
Վերադառնանք ֆրանսացիի Georges յատուկ անունին, որ շատ լաւ օրինակ մըն է:
Այս բառը կազմուած է եօթը տառէ, սակայն միայն չորս հնչիւնէ. ըստ այսմ ալ մենք տառադարձեցինք անոր չորս արտասանուող հնչիւնները միայն: Սակայն երբ կարգը կու գայ գրադարձութեան, ապա այլեւս կը մոռնանք արտասանութիւնը եւ կը հիմնուինք անոր տառերուն վրայ՝ անոնց իւրաքանչիւրին դիմաց հանելով գրադարձելի լեզուի համապատասխան տառը: Ըստ այսմ, եթէ այս անունը պիտի գրադարձենք հայերէնի, ուրեմն պիտի գրենք Գէորգէս ՝ եօթը տառ: Ուր ֆրանսերէնի իւրաքանչիւր տառին դիմաց հանեցինք հայերէն տառ մը, որ համարժէք է անոր: Այս համարժէքութիւնը արդիւնք է երկար ու բարդ սերտողութեան, որ կը կատարեն հնչիւնաբանները եւ գիտութեան տրամադրութեան տակ կը դնեն գրադարձական մանրամասն ցանկեր:
Գրադարձութիւնը որեւէ գործնական արժէք կամ կիրարկութիւն չունի մեր առօրեայ կեանքին մէջ, ան գիտական ուրոյն կրթանք մըն է, որ կը ծառայէ մասնաւորաբար վերարտադրելու մեռած հին լեզուներ, օրինակ՝ եգիպտական մեհենագրերը, բաբելական, ասուրական, ուրարտական սեպագրերը եւ այլն: Բոլորովին հազուագիւտ կը պատահի, որ հարկ տեսնուի գրադարձել արդի լեզու մը:
* * *
Ինչպէ՞ս յառաջացած են տառադարձական եւ գրադարձական անհամապատասխանութիւնները: Ասոնք հետեւանք են լեզուի կրած արտասանական փոփոխութիւններուն: Առ այս կը վերադառնամ ֆրանսերէնի Georges-ին:
Այս անունը յունական է եւ պատմականօրէն արտասանուած է Կէորկէս :
Հասնելով ֆրանսերէնին կամ նախաֆրանսերէնին, ենթադրելի է որ ան ճիշդ այսպէս ալ արտասանուած ըլլայ՝ Կէորկէս:
Սակայն ժամանակի ընթացքին ֆրանսերէնի մէջ յառաջացած են արտասանական զանազան փոփոխութիւններ:
---G=կ տառը ձայնաւորին առջեւ դարձած է Ժ. ուրեմն՝ ունեցած ենք Ժէորժէս:
---eo երկբարբառը ժամանակին հետ մենաբարբառացած եւ տուած է o=ո. ուրեմն՝ ունեցած ենք Ժորժէս:
---Նոյն ժամանակը մղած է, որ ֆրանսացին դադրի իր բառերուն վերջը գտնուող es հնչիւնախումբը արտասանելէ. ուրեմն՝ ստացուած է Ժորժ:
Շատ պարզ է, որ եթէ ֆրանսերէնի մէջ չյառաջանային վերոյիշեալ փոփոխութունները, ապա Գէորգէս (Կէորկէս) նախնական ձեւը պիտի մնար անփոփոխ, եւ այս պարագային գրութիւնն ու արտասանութիւնը պիտի կատարելապէս համապատասխանէին իրարու, բանիւ նովին պիտի նոյնանային այս յատուկ անունին տառադարձութիւնն ու գրադարձութիւնը:
Սակայն ոչ մէկ տեղ պատահած է այդ բանը. յոյնը իր այս յատուկ անունը այսօր կ’արտասանէ Ղորղոս ՝ անցեալի Կէորկէս-ի փոխարէն:
Պէտք է այս ալ ըսել, որ երկու կրթանքներու միջեւ գտնուող տարբերութիւնը նոյն տարողութիւնը չունի բոլոր լեզուներուն համար: Եթէ անգլերէն though բառին տառադարձութիւնն ու գրադարձութիւնը անհամեմատօրէն հեռու են իրարմէ, ապա պարագան նոյնը չէ իտալերէնի, գերմաներէնի, յունարէնի, ռուսերէնի, սպաներէնի եւ այն լեզուներուն, որոնք հնչիւնագիր այբուբենով օժտուած են, այսինքն՝ մօտաւորապէս կը գրեն այնպէս ինչպէս կ’արտասանեն: Կը բաւէ այս վերջիններուն այբուբենը լաւ ճանչնալ, եւ գրեթէ կարելի պիտի ըլլայ անսխալ ուղղագրել արտասանուած բառը: Այս պարագային պիտի նոյնանան տառադարձութիւնն ու գրադարձութիւնը:
Իտալերէն՝ «Sul mare lucica l’astro d’argento» նախադասութիւնը անկարելի է սխալ գրել, եթէ իրապէս այբուբենը լաւ կը ճանչնաս: Մինչդեռ միայն այբուբեն սորվելով՝ ոչ ոք ճիշդ պիտի գրէր անգլերէն ու ֆրանսերէն հետեւեալ տողերը.
--Good pilgrim you do wrong your hands too much !!! (Shakespeare)
--Et le vers rongera ta peau comme un remords !!! (Baudelaire):
ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ