1.Ինչ որ ... ինչ-որ
Ոմանք չեն յաջողիր զանազանել այս երկուքը, ուրիշներ բոլորովին անտեղեակ են նման զոյգի մը գոյութեան, այսինքն՝ ոչ իսկ գիտեն, թէ նման բան գոյութիւն ունի:
Ինչ որ բաղադրեալ յարաբերական դերանուն մըն է: Բուն դերանունը ինչ-ն է, որուն կցուած է որ թարմատարը[1], ճիշդ հետեւեալներուն պէս՝ ով-ով որ, ուր-ուր որ, երբ-երբ որ, ինչպէս-ինչպէս որ, քանի-քանի որ եւ այլն: Իր այս կիրարկութեամբ՝ ինչ որ-ը կը փոխարինէ ոչ թէ գլխաւոր նախադասութեան մէկ անդամը երկրորդական նախադասութեան մէջ, այլ ամբողջ գերադասը:
- Դուք նոր կ’անդրադառնաք, ինչ որ ցաւալի ուշացում մըն է:
- Դո՛ւն ես ըսողը, ինչ որ կը հաստատէ իրողութիւնը:
- Իր վկայութիւնը զլացած է, ինչ որ քաղաքացիական թերացում է:
Առաջին օրինակին պարզումը կու տայ՝ «Ձեր նոր անդրադառնալը ցոյց կու տայ, թէ...»,− այլ խօսքով՝ գերադաս նախադասութիւնը իր բոլոր բաղադրիչներով համատեղ փոխարինուած է «ինչ որ» յարաբերական դերանունով, որուն միջնորդութեամբ ալ դարձած է ցոյց կու տայ ստորոգիչի ենթական:
Ուրեմն այս օրինակներուն մէջ ամբողջական նախադասութիւններ են յարաբերեալները, եւ ոչ թէ առանձին բառեր:
Ինչ-որ՝ միութեան գծիկով, անորոշ դերանուն մըն է եւ ոչ մէկ կապական գործառնութիւն ունի. ան իբրեւ լրացում կը դրուի գոյականին վրայ. համարժէք է ֆրանսերէնի certain կամ un certain բառին: Ան ցոյց կու տայ խօսողին ունեցած մէկ վերապահութիւնը իր իսկ անուանած առարկային՝ անձին, իրին, երևոյթին հանդէպ. այս վերաբերումը աւելի կը շեշտուի լրացեալ գոյականին վրայ գրեթէ կանոնաւորաբար աւելցող մը անորոշ յօդով. օրինակ՝
- Այնտեղ հանդիպեցանք ինչ-որ դասախօսի մը:
- Ինչ-որ հնագէտ մը տուաւ անորոշ բացատրութիւններ:
- Ինչ-որ ժառանգորդ մը կը պահանջէր իր իրաւունքը:
Այս դերանունին կը յարին նաեւ՝ դոյզն-ինչ, ինչ-ինչ, փոքր-ինչ, որոնք որոշ հոմանշութիւն ալ ունին իրարու միջեւ:
Կիրառական նոյնպիսի յարաբերութեան մէջ կը գտնուին նաեւ ոչ ոքի եւ ոչ-ոքի:
Անջատ գրութեամբ՝ ոչ ոքի ժխտական առարկայանիշ դերանուն է, եւ կը կատարէ անուղղակի խնդիրի պաշտօնը. օրինակ՝ Ոչ ոքի հարցուց: Ոչ ոքի մօտեցաւ եւ այլն:
Երկրորդը ունի յատկանշային՝ ածականական կիրարկութիւն. օրինակ՝ «Խաղը ոչ-ոքի աւարտեցաւ», «Իրաւարարը ոչ-ոքի վճռեց» եւ այլն:
2. Հակա-օ-դայի՞ն, թէ՞ հակ-օդային
Պէտք է բոլորդ ալ նկատած ըլլաք, որ այս եւ ասոր նմանող կարգ մը այլ բառեր երկձեւ՝ յօդակապաւոր եւ անյօդակապ կը գրուին մեր մէջ:
Մեր առաջին մատենագիրները ընդհանրապէս խուսափած են յօդակապ կիրարկելէ հոն, ուր բարդ բառին երկրորդ արմատը ձայնաւորով կը սկսի, ինչպէս է պարագան մեր բերած բառին, ուր երկրորդ արմատը կը սկսի «օ» ձայնաւորով:
Այս այսպէս ըլլալով հանդերձ, աշխարհաբարը քիչ մը տարբեր ձեւաւորուած է եւ... տարբեր կը մտածէ: Այստեղ թոյլտրուած են բաներ, որոնք արգիլուած էին այնտեղ: Եւ հակօդային-ը[2] այլեւս խորթ կը հնչէ մեր ականջին: Խորթ, բայց մանաւանդ անթելադիր: Արդի հայուն ականջը կը փնտռէ հակա կառոյցը, եւ հակ-ը շատ բան չի թելադրեր իրեն: Մեր «հակ» արմատով սկսող մօտ յիսուն բառերուն աւելի քան քառասունը հակա ունին իրենց սկիզբը, եւ այդ հակա-ն կը մնայ թելադիրը: Հակ-ը կաղ, թերի ու պակաս բան մը ունի:
Հակաճառել, հակաճառող, հակաճառութիւն հասկացութիւնները արդի հայուն մէջ ձեւաւորուած են հակա-ով: Արդի հնարամիտ հայը «կազմած» է նոյնիսկ հակա ածական մը. −Դուն մեզմէ՞ ես, թէ՞ հակա ես,-- այսինքն՝ մեր թմբո՞ւկը կը զարնես, թէ՞՞՞...
−Թորոսը մեզմէ է, բայց Մարկոսը թունդ հակա է...
Ասոնք չհասկցող արեւմտահայ կա՞յ:
Մինչդեռ ոչ մէկը մինչեւ հիմա հարցուցած. «Դուն մեզմէ՞ ես, թէ՞ հակ ես»:
Այլ խօսքով՝ աշխարհաբարը, մեր արդի մտածողութիւնը կը գործէ յօդակապաւոր բարդութեան ի նպաստ, եւ մենք կը հանդիպինք օրինակներու, ուր ան պատմականօրէն թերեւս մերժուէր:
* * *
Ա յօդակապը բաւական քմահաճ երեւոյթ է ու բաւական խաղեր ալ կը խաղայ արդի հայուն գլխուն, իմա՝ հայերէնի գլխուն:
Հակօդային գրողները տարուած են այն մտքէն, թէ երբ երկրորդ արմատը կը սկսի ձայնաւորով, ապա յօդակապ չենք կիրարկեր: Անշուշտ ճշմարտութեան մեծ բաժին մը կայ այս ըմբռնումին մէջ: Բայց ահա եկուր տես, որ կան բազմաթիւ բարդութիւններ, որոնց երկրորդ արմատը կը սկսի բաղաձայնով եւ...յօդակապ չունին. օրինակ՝ նեղ-միտ, բան-գէտ, կրծ-կալ, հաց-թուխ, պատ-կից, երկ-տող եւ այլն: Հիմա որ մեր աչքերն ու միտքը ընտելացած են այսպիսիներուն, որքա՜ն խորթ պիտի հնչէր ասոնց յօդակապով օժտումը. հրամեր էք՝ նեղ-ա-միտ, բան-ա-գէտ, կրծ-ա-կալ...:
Չեն պակսիր միւս կողմէ պարագաներ, ուր լեզուն յօդակապը տնտեսած է նոր հասկացութիւններ անուանելու ի խնդիր. օրինակ՝ ամէն-ընտիր դասական բառ մըն է, որ կը նշանակէ «ամէնքին, բոլորին կողմէ ընտրուած». օրինակ՝ ամէնընտիր կաթողիկոս: Սակայն ասոր կողքին աշխարհաբարը հնարած է ամեն-ա-ընտիր, որ կը նշանակէ ընտիրներուն մէջ ընտրելագոյնը, լաւագոյնը, ազնուագոյնը:
Դ. Վարուժան մաճկալ ծանօթ բառին կից կը կիրարկէ մաճակալ ձեւը.
«Թող մաճակալ բազուկներէդ քսան ցուլի արիւն անցնի» («Օրհնութիւն»):
Ասոնք երկուքն ալ «մաճ բռնող» կը նշանակեն...ստուգաբանօրէն, այո, սակայն ունին շատ նուրբ տարբերութիւն մը. մաճկալ-ին մէջ «մաճը բռնողի» գաղափարը նսեմացած է այլեւս, եւ ան կը բնորոշէ մշակը: Մինչդեռ մաճակալ-ը միայն ու միայն «մաճը բռնող» կը նշանակէ: Վարուժան իմաստաբանական բացառիկ զգայնութեամբ մը ահա հնարած է «մաճակալ բազուկ» բառակապակցութիւնը:
Շատ ցաւալի է, որ ոչ մէկ հայ բառարանագիր նկատած ու նշած է այս նրբութիւնը:
* * *
Անդին կը հանդիպինք յօդակապաւոր տարբերակներու՝ նախ-ա-ընտրական («Մարմարա»), դիրք-ա-որոշում («Առաջին լրատուական»), որոնք ոչ մէկ առաւելութիւն կը ներկայացնեն անյօդակապ՝ նախ-ընտրական եւ դիք-որոշում ձեւերուն վրայ:
Եւ վերջապէս հաւասար ուժերով կը պայքարին տես-երիզ եւ տես-ա-երիզ, վեր-որակաւաորում եւ վեր-ա-որակաւորում ձեւերը, եւ արդի հայը առայժմ չի յաջողիր վերջնականապէս կողմնորոշուիլ: Պէտք է ձգել, որ ժամանակը լուծէ այսպիսիները:
Մրցոյթ 22.
***Կարելի չէ ձուածեղ ուտել առանց հաւկիթ կոտրելու, սակայն...(լրացո՛ւր ասոյթը):
---Կարելի չէ ձուածեղ ուտել՝ առանց հաւկիթ կոտրելու, սակայն կարելի է հաւկիթ կոտրել՝ առանց ձուածեղ ուտելու:
***Վերաշարադրէ՛ հետեւեալները.
---Մեր հազարաւոր մատղաշ տարիքի նահատակներուն արիւնը դեռ տաք է:
Մեր հազարաւոր մատղաշ նահատակներուն արիւնը դեռ տաք է:
---Անոնց յարգանքի իրաւունքը պէտք է բացառէ ամէն տեսակի նուաստացնող վարմունք:
Անոնց յարգանքի իրաւունքը պէտք է բացառէ ամէն նուաստացում:
---Դուն այս պաշտօնին կոչուած ես այն բանին համար, որ արմատախլես ամէն չարաշահական արարք:
Դուն այս պաշտօնին կոչուած ես, որ արմատախլես ամէն չարաշահութիւն:
---Ան վճռական եղաւ մէկ բանի մէջ,− սեփական իշխանութիւնը պահելու մէջ:
Ան վճռական եղաւ մէկ բանի՝ սեփական իշխանութիւնը պահելու մէջ:
(Ան վճռական եղաւ սեփական իշխանութիւնը պահելու մէջ միայն)
Ճիշդ պատասխանած են՝ Գէորգ Եազըճեան (7), Մանուէլ Ֆարաճեան (4), Վահէ Աբելեան (8), Ցոլակ Ապտալեան (2), Արմէն Պաղտոյեան (4), Պերճ Տէր Սահակեան(5), Համո Ապտալեան (8), Ալին Գարակէօզեան (5):
Ծանօթ.-- Սրտցաւ բարեկամ մը զարմացած հարց կու տայ, թէ ինչո՛ւ մասնակցողներուն թիւը այսքան փոքր է:
Մրցոյթ 23.
***Արեւմտահայը կը փորձէ փրկել իր լեզուն ու չի կրնար, մինչ... (լրացո՛ւր ասոյթը):
***Վերաշարադրէ՛ հետեւեալները.
---Սահմանային վէճի լուծման վերաբերեալ համապատասխան ճիգերը պիտի շարունակուին:
---Կը յորդորենք մեր քաղաքացիները, որպեսզի անոնք անվարան կերպով մասնակցին ընտրութիւններուն:
***Կէտերը փոխարինել մէջ կամ միջեւ յետադրութեամբ:
---Նշմարելի է բարքերու ազնուացում մը մեր երկու ժողովուրդներուն ... :
---Հասարակաց թշնամիները մեր ... սերմանեցին այս ատելութիւնը:
Արմենակ Եղիայեան
[1] Լեզուի մէջ թարմատար կը կոչուին բառերու վրայ անտեղի աւելցած անիմաստ տարրերը:
[2] Նաեւ՝ ռազմա-օդային: