1. Շնորհաւորենք «Յուսաբեր»-ը:
Ան առաջին արեւմտահայ թերթն է, որ համարձակած է՝ Գուեւո եւ Լէոնիդովո օտար յատուկ անունները գրել բառավերջի ո-ով՝ օ-ի փոխարէն (8/8/2024, էջ 1):
Մաղթելի է, որ երեւոյթը վարակիչ դառնայ:
2. Սերտողութիւն
Ստորեւ պիտի սերտենք «Արարատէ»-էն հատուած մը:
--«Եւրոպական Միութիւնը, հակադարձելով Վրաստանի առած քայլերուն՝ ոչ-կառավարական կազմակերպութիւնները օտար յայտարարելու մէջ, սառեցուց երկրին Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հոլովոյթը եւ սառեցուց ամէն օժանդակութիւն» («Արարատ», 10/7/2024):
* * *
Այս հատուածը, որ խորքին մէջ պարզ (անկախ) նախադասութիւն մըն է, ուշագրաւ է իր բաւական խրթին կառոյցով եւ բարդ կէտադրութեամբ, որ կիրարկուած է անբեկանելի ճշգրտութեամբ:
Ան կազմուած է ուրեմն մայր նախադասութենէ մը.
--«Եւրոպական Միութիւնը... սառեցուց երկրին Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հոլովոյթը եւ սառեցուց ամէն օժանդակութիւն».
Որ իր ծոցին մէջ կը պարփակէ միջանկեալ դերբայական դարձուած մը. այդ դարձուածն է.
--«հակադարձելով Վրաստանի առած քայլերուն՝ ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններ օտար յայտարարելու մէջ»:
Կէտադրական սխրանքը կը գտնուի այս դարձուածի մակարդակին:
--Գրողը ամբողջ դարձուածը երկու ստորակէտերով՝ առջեւէն ու ետեւէն մեկուսացուցած է, տրոհած է մայր նախադասութենէն. եւ այդպէս ալ կը թելադրէ կանոնը:
Այս դարձուածը ինքնին ունի բարդ կառոյց մը, քանի ան գումարն է երկու դարձուածներու, մէկը՝ հակադարձելով դերբային շուրջ, միւսը՝ յայտարարելու դերբային շուրջ:
--Ընդ ոդում՝ այս երկուքէն երկրորդը առաջինէն տրոհած է բութով մը, քանի որ ան՝ այդ երկրորդը, յեդադաս որոշիչն է առաջինի քայլերուն անդամի. ո՞ր քայլերուն, ինչպիսի՞ քայլերուն՝ «ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններ օտար յայտարարելու մէջ»,— այլ խօսքով՝ ոչ-կառավարական կազմակերպութիւնները օտար յայտարարող է ան:
--Եւ վերջապէս ոչ-կառավարական բառի բաղադրիչները կապած է միութեան գծիկով մը. եւ այդպէս ալ կը թելադրէ կանոնը:
Երբ ոչ մասնիկը կը դրուի ածականի մը վրայ՝ ստանալու համար անոր հականիշը, ապա ան միութեան գծիկով կը կապուի տուեալ ածականին՝ ոչ-պիտանի, ոչ-տեասնելի, ոչ-ընդունելի եւ այլն:
* * *
Հիմա մտածենք հետեւեալ ուղղութեամբ. կարելի՞ էր այս դերբայական դարձուածը աւելի կոկել, որովհետեւ քիչ մը խճողուած է ան, — այո՛, կարելի էր. ահաւասիկ.
--«Հակադարձելով Վրաստանի՝ ոչ-կառավարական կազմակերպութիւնները օտար յայտարարելու քայլին»...
* * *
Կարելի է բարեկարգել գլխաւոր նախադասութիւնը եւս.
--«Եւրոպական Միութիւնը... սառեցուց անոր՝ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հոլովոյթը, ինչպէս նաեւ ամէն օժանդակութիւն»:
3. Շարադասութիւն
Շատ կը սիրենք ըսել «հայերէնի շարադասութիւնը ազատ է», սակայն ան անիշխանական չէ եւ կարիքը ունի յարգուելու, ինչպէս ամէն ազատութիւն. այլապէս ան կրնայ փորձանքի վերածուիլ, ինչպէս է պարագան հետեւեալին.
--«Փեզեշքեան արեւմուտքին կոչ ուղղած է Իսրայէլի աջակցութիւնը դադրեցնել» («Յուսաբեր», 8/8/2024, էջ 2):
Իր քաղաքական տեղեկութիւնները մի՛այն «Յուսաբեր»-էն ստացողը պիտի ենթադրէ, թէ Իսրայէլ ինչ-որ աջակցութիւն մը կ’ընէ՝ Իսրայէլի աջակցութիւնը, եւ Փեզեշքեան այսու կոչ կ’ուղղղէ դադրեցնել այդ աջակցութիւնը:
Իսկ քաղաքական անցուդարձերուն այլապէս ալ տեղեակ եղողը իսկոյն պիտի հասկնայ Փեզեղքեանի կոչին բուն իմաստը. ան կը թելադրէ, կը խնդրէ, որ կանգ առնէ այն աջակցութիւնը, որ Արեւմուտքը կը տրամադրէ Իսրայէլին:
--«Փեզեշքեան կոչ ուղղած է Արեւմուտքին՝ դադրեցնելու իր աջակցութիւնը Իսրայէլին»:
4. Հերթական սխալ
Հարցը կը վերաբերի շատ տարածուած, լեզուն սուսիկ-փուսիկ աղաւաղող սխալի մը, որ ունի հետեւեալ տարազը.
--«Բրիտանիոյ պանդոկի մը տարածքին մէջ յայտնաբերուած է 7-րդ դարու հսկայ գերեզմանատուն»:
Հայերէնի մէջ յատկացեալը կը ստանայ ը կամ ն յօդը. բերուած օրինակին մէջ պանդոկի յատկացեալը ստացած է սխալ՝ անորոշ յօդ, այինքն՝ մը:
Ճիշդ ձեւը հետեւեալն է՝
--Բրիտանիոյ մէկ պանդոկի(ն) տարածքին մէջ յայտնաբերուած է...
Յատկացուցիչը կարելի է փոխարինել որոշիչով մըն ալ. սապէս՝
--Բրիտանական պանդոկի մը տարածքին մէջ յայտնաբերուած է...
Այս պարագային պանդոկի բառը կրնայ ստանալ որեւէ յօդ. այսպէս՝
--Բրիտանական պանդոկի(ն) տարածքին մէջ...
--Բրիտանական պանդոկի մը տարածքին մէջ...
Կարելի է ազատօրէն ջնջել նաեւ մէջ-ը, որ աւելորդաբանութիւն մըն է:
--Բրիտանիոյ մէկ պանդոկի(ն) տարածքին յայտնաբերուած է...
--Բրիտանական պանդոկի մը տարածքին յայտնաբերուած է...
Մրցոյթ 183.
***Կէտերը փոխարինէ՛ յարմար շաղկապով մը.
---Որքան ալ խեղճ ու չքաւոր ըլլար, այսուհանդերձ ամէն հանգանակութեան մասնակցած է ան:
***Վերաշարադրէ՛ բառային հետեւեալ խաժամուժները.
---Մեծ է շրջանակը այն դերակատարների, որոնք շահագրգռուած են, որ մեծ պատերազմ չբռնկուի Մերձավոր Արեւելքում:
---Որովհետեւ հայ գիրին գրիչով ծառայող գրողը ուրիշ մէկը չէ, եթէ ոչ իր յղացման նորութեամբ եւ նրբութեամբ ընթերցողին (մտքին) առջեւ մտածելու եւ խոկալու առիթ բացողը:
***Վերաշարադասէ հետեւեալները՝ միաժամանակ ջնջելով աւելորդ յօդերը.
---Ռուսիա պատերազմ բերաւ Ուքրանիա եւ պէտք է զգայ իր կատարածին հետեւանքները:
---Որդեգրեցինք շարք մը քայլեր՝ նուազեցնելու համար քաղաքայիններուն վնասը, եւ յարձակումի ընթացքին օգտագործուեցան խելացի զէնքեր:
Ճիշդ պատասխանած են՝ Գեղամ Խաաչատրեան (5), Ցոլակ Ապտալեան (3), Համբարձում Յարթունեան (5), Դանիէլ Թիւֆենքճեան (4),Եփրեմ Թոքճեան (8)
Մրցոյթ 184.
***Յարմար շաղկապ մը դի՛ր կէտերուն տեղ:
---Արա որոշած էր մասնակցիլ մրցոյթին, .......... տարիքը չթոյլատրէր այդ:
***Վերաշարադրէ՛ հետեւեալը.
---Իրանին կոչ կ’ուղղենք՝ Իսրայէլի վրայ յարձակելու իր շարունակուող սպառնալիքներէն ետդարձ կատարելու:
---Հունգարիոյ վարչապետը գործօն կերպով կ’աջակցի այդ արշաւին:
***Ի՞նչ հոլով կու տաս երկրորդ քաղաքացի բառին:
---Թոյլատրելի չէ քաղաքացի մը գերադասել այլ քաղաքացի..... մը:
***Գտի՛ր ու ջնջէ՛ աւելորդ բառը:
---Զինք դրի ելեկտրականութեան տագնապին վերաբերեալ արձանագրուած վերջին զարգացումներու մթնոլորտին մէջ:
Արմենակ Եղիայեան
armenag@gmail.com