image

Հայերէնը կը զուարճանայ (186)

Հայերէնը կը զուարճանայ (186)

1. Շնորհաւորենք «Յուսաբեր»-ը:

Ան առաջին արեւմտահայ թերթն է, որ համարձակած է՝ Գուեւո  եւ Լէոնիդովո  օտար յատուկ անունները գրել բառավերջի ո-ով՝ օ-ի փոխարէն (8/8/2024, էջ 1):

Մաղթելի է, որ երեւոյթը վարակիչ դառնայ:

2. Սերտողութիւն

Ստորեւ պիտի սերտենք «Արարատէ»-էն հատուած մը:

--«Եւրոպական Միութիւնը, հակադարձելով Վրաստանի առած քայլերուն՝ ոչ-կառավարական կազմակերպութիւնները օտար յայտարարելու մէջ, սառեցուց երկրին  Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հոլովոյթը եւ սառեցուց ամէն օժանդակութիւն» («Արարատ», 10/7/2024):

                                                                   *   *   *

Այս հատուածը, որ խորքին մէջ պարզ (անկախ) նախադասութիւն մըն է, ուշագրաւ է իր բաւական  խրթին կառոյցով եւ  բարդ կէտադրութեամբ, որ  կիրարկուած է անբեկանելի ճշգրտութեամբ:

Ան կազմուած է ուրեմն մայր  նախադասութենէ մը.

--«Եւրոպական Միութիւնը... սառեցուց երկրին  Եւրոպական Միութեան  անդամակցութեան  հոլովոյթը եւ սառեցուց ամէն օժանդակութիւն».

Որ իր ծոցին մէջ կը պարփակէ միջանկեալ դերբայական դարձուած մը. այդ դարձուածն է.

--«հակադարձելով Վրաստանի առած քայլերուն՝ ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններ օտար յայտարարելու մէջ»:

Կէտադրական սխրանքը կը գտնուի այս դարձուածի մակարդակին:

--Գրողը ամբողջ դարձուածը երկու ստորակէտերով՝ առջեւէն ու ետեւէն   մեկուսացուցած է, տրոհած է մայր նախադասութենէն. եւ այդպէս ալ կը թելադրէ կանոնը:

Այս դարձուածը ինքնին ունի բարդ կառոյց մը, քանի ան գումարն է երկու դարձուածներու, մէկը՝ հակադարձելով դերբային շուրջ, միւսը՝ յայտարարելու դերբային շուրջ:

--Ընդ ոդում՝ այս երկուքէն երկրորդը առաջինէն տրոհած է բութով մը, քանի որ  ան՝ այդ երկրորդը, յեդադաս որոշիչն է  առաջինի քայլերուն անդամի. ո՞ր քայլերուն, ինչպիսի՞ քայլերուն՝ «ոչ-կառավարական  կազմակերպութիւններ օտար յայտարարելու  մէջ»,— այլ խօսքով՝ ոչ-կառավարական կազմակերպութիւնները օտար յայտարարող է ան:

--Եւ վերջապէս ոչ-կառավարական բառի բաղադրիչները կապած է միութեան գծիկով մը. եւ այդպէս ալ կը թելադրէ կանոնը:

Երբ  ոչ   մասնիկը կը դրուի ածականի մը վրայ՝ ստանալու համար անոր հականիշը, ապա ան միութեան գծիկով կը կապուի տուեալ ածականին՝  ոչ-պիտանի, ոչ-տեասնելի,  ոչ-ընդունելի եւ այլն:

                                                                   *   *   *

Հիմա մտածենք հետեւեալ ուղղութեամբ. կարելի՞ էր այս դերբայական դարձուածը   աւելի կոկել, որովհետեւ քիչ մը խճողուած է ան, — այո՛, կարելի էր. ահաւասիկ.

--«Հակադարձելով Վրաստանի՝ ոչ-կառավարական կազմակերպութիւնները օտար յայտարարելու քայլին»...

                                                                             *   *   * 

Կարելի է բարեկարգել գլխաւոր նախադասութիւնը եւս.

--«Եւրոպական Միութիւնը... սառեցուց անոր՝  Եւրոպական Միութեան  անդամակցութեան  հոլովոյթը, ինչպէս նաեւ ամէն օժանդակութիւն»:

3. Շարադասութիւն

Շատ կը սիրենք ըսել «հայերէնի շարադասութիւնը ազատ է», սակայն ան անիշխանական չէ եւ կարիքը ունի յարգուելու, ինչպէս  ամէն ազատութիւն. այլապէս ան կրնայ փորձանքի վերածուիլ, ինչպէս  է պարագան հետեւեալին.

--«Փեզեշքեան արեւմուտքին կոչ ուղղած է Իսրայէլի աջակցութիւնը դադրեցնել» («Յուսաբեր», 8/8/2024, էջ 2):

Իր քաղաքական տեղեկութիւնները մի՛այն «Յուսաբեր»-էն ստացողը պիտի ենթադրէ, թէ Իսրայէլ ինչ-որ աջակցութիւն մը կ’ընէ՝ Իսրայէլի աջակցութիւնը, եւ Փեզեշքեան այսու կոչ կ’ուղղղէ դադրեցնել այդ աջակցութիւնը:

Իսկ քաղաքական անցուդարձերուն այլապէս  ալ տեղեակ եղողը իսկոյն պիտի հասկնայ Փեզեղքեանի կոչին բուն իմաստը. ան կը թելադրէ, կը խնդրէ, որ կանգ առնէ այն աջակցութիւնը, որ Արեւմուտքը կը տրամադրէ Իսրայէլին: 

--«Փեզեշքեան  կոչ ուղղած է Արեւմուտքին՝ դադրեցնելու իր աջակցութիւնը Իսրայէլին»:

4. Հերթական սխալ

Հարցը կը վերաբերի շատ տարածուած, լեզուն սուսիկ-փուսիկ աղաւաղող սխալի մը, որ ունի հետեւեալ տարազը.

--«Բրիտանիոյ պանդոկի մը տարածքին մէջ յայտնաբերուած է 7-րդ դարու հսկայ գերեզմանատուն»:

Հայերէնի մէջ յատկացեալը  կը ստանայ ը  կամ ն   յօդը. բերուած օրինակին մէջ պանդոկի  յատկացեալը ստացած է  սխալ՝ անորոշ յօդ, այինքն՝  մը:

Ճիշդ ձեւը հետեւեալն է՝

--Բրիտանիոյ մէկ պանդոկի(ն) տարածքին մէջ յայտնաբերուած է...  

Յատկացուցիչը կարելի է փոխարինել որոշիչով մըն ալ. սապէս՝

--Բրիտանական պանդոկի մը տարածքին մէջ յայտնաբերուած է...

Այս պարագային պանդոկի բառը կրնայ ստանալ որեւէ յօդ. այսպէս՝

--Բրիտանական  պանդոկի(ն) տարածքին մէջ...

--Բրիտանական պանդոկի մը տարածքին մէջ...

Կարելի  է ազատօրէն ջնջել նաեւ  մէջ-ը, որ աւելորդաբանութիւն մըն է:

--Բրիտանիոյ մէկ պանդոկի(ն) տարածքին յայտնաբերուած է...

--Բրիտանական պանդոկի մը  տարածքին յայտնաբերուած է...

Մրցոյթ 183.

***Կէտերը փոխարինէ՛ յարմար շաղկապով մը.

---Որքան ալ խեղճ ու չքաւոր ըլլար, այսուհանդերձ ամէն հանգանակութեան մասնակցած է ան:

***Վերաշարադրէ՛  բառային հետեւեալ խաժամուժները.

---Մեծ  է շրջանակը այն դերակատարների, որոնք  շահագրգռուած են, որ  մեծ պատերազմ չբռնկուի Մերձավոր Արեւելքում:

---Որովհետեւ  հայ գիրին  գրիչով ծառայող  գրողը  ուրիշ մէկը չէ, եթէ ոչ իր յղացման նորութեամբ եւ նրբութեամբ ընթերցողին (մտքին) առջեւ  մտածելու եւ խոկալու առիթ բացողը:

***Վերաշարադասէ հետեւեալները՝ միաժամանակ ջնջելով աւելորդ յօդերը.

---Ռուսիա պատերազմ բերաւ Ուքրանիա եւ պէտք է զգայ  իր կատարածին  հետեւանքները:

---Որդեգրեցինք շարք մը քայլեր՝ նուազեցնելու համար քաղաքայիններուն վնասը, եւ յարձակումի  ընթացքին օգտագործուեցան խելացի զէնքեր:

Ճիշդ պատասխանած են՝ Գեղամ Խաաչատրեան (5), Ցոլակ Ապտալեան (3), Համբարձում Յարթունեան (5), Դանիէլ Թիւֆենքճեան (4),Եփրեմ Թոքճեան (8)

Մրցոյթ 184.

***Յարմար շաղկապ մը դի՛ր կէտերուն տեղ:

---Արա որոշած էր մասնակցիլ մրցոյթին, .......... տարիքը չթոյլատրէր  այդ:

***Վերաշարադրէ՛ հետեւեալը. 

---Իրանին կոչ կ’ուղղենք՝ Իսրայէլի վրայ յարձակելու իր շարունակուող սպառնալիքներէն ետդարձ կատարելու:

---Հունգարիոյ վարչապետը գործօն կերպով կ’աջակցի այդ արշաւին:

***Ի՞նչ հոլով կու տաս  երկրորդ  քաղաքացի բառին:

---Թոյլատրելի չէ քաղաքացի մը գերադասել այլ քաղաքացի..... մը:

***Գտի՛ր ու ջնջէ՛ աւելորդ բառը:

---Զինք դրի ելեկտրականութեան տագնապին վերաբերեալ արձանագրուած վերջին զարգացումներու մթնոլորտին մէջ:

 


Արմենակ Եղիայեան 
armenag@gmail.com