1.Բառային բարեշրջումի ապշեցուցիչ զուգահեռ մը.
բարի - bien - good
բարիք - biens - goods
Ահա երեք բառեր, որոնք եզակիի մէջ հոմանիշ են. կը նշանակեն արդար, լաւ, ընտիր, ազնիւ, տոհմիկ եւ այլն:
Եւ որոնք յոգնակիի մէջ նշանակութիւն կը փոխեն՝ շարունակելով, սակայն, իրենց այս նոր նշանակութեամբ հոմանիշ մնալ իրարու միջեւ՝ բերք, ինչք, ապրանք, հարստութիւն, ունեցուածք եւ այլն:
Այս համընկնող բարեշրջումները տեղի ունեցած են իրարմէ բոլորովին անջատ ու անկախ պայմաններու մէջ, երեք լեզուներու բոլորովին բնական զարգացումով: Կարծես գերագոյն ամենազօր իմացականութիւն մը հաճոյացած է անոնց տալով պատմական նո՛յն հոլովոյթը, նո՛յն զարգացումը եւ նո՛յն վերիմաստաւորումը:
2. Արժէք...արժէքաւոր...արժեգին
Արժէք բառը իր արժ արմատով միակն է, որ պատմականօրէն օժտուած է է ձայնաւորով՝ շնորհիւ էք ածանցին, որ շեշտակորոյս ձեւն է եայք-ին. ուրեմն՝ արժ-եայք > արժ-եյք > արժ-էք: մնացեալ տասնեակներով ածանցաւոր ու բարդ կազմութիւնները չունին այս էք բաղադրիչը, հետեւաբար չունին նաեւ է ձայնաւորը:
Բայց ահա չես գիտեր ի՛նչ զարմանալի հակասութեամբ մը Ստ. Մալխասեան է-ով կը գրէ նորակերտ արժէգին, արժէթուղթ բառերը, եւ իրեն հետեւողութեամբ շատ յաճախ է-ով կը գրուին նաեւ բոլորովին նոր յառաջացած արժէչափ եւ արժէհամակարգ բարդ բառերը եւս:
Ինչո՞ւ Մալխասեանի պէս հսկայ մը հետեւած է նման սխալ եւ մոլորեցուցիչ ուղղագրութեան մը՝ չենք գիտեր, իսկական առեղծուած մըն է:
Ի պատիւ արեւմտհայ բառարանագիրներու ըսենք հետեւեալը.
--Գայայեան (1938) ունի միայն արժեթուղթ:
--Ճիզմեճեան (1954) ունի արժեգին, արժեգիր, արժեղուղթ:
--Տէր Խաչատուրեան (1968) ունի արժեգին, արժեթուղթ:
--Կռանեան (1982) ունի արժեգին, արժեզրկել, արժեթուղթ, արժեցուցակ:
--Ճերեճեան (1992) ունի արժեգին, արժեգիր, արժեզուրկ, արժեթուղթ:
Եւ այս չէ միայն:
* * *
Մալխասեան է-ով գրած է նաեւ երբէք մակբայը: Աւելի ճիշդը՝ հաւասարապէս ընդունած է երբեք եւ երբէք: Այս պարագային ան հետեւած է «Նոր հայկազեան»-ին, որ կը յիշատակէ այդ զոյգ ձեւերը: Սակայն եւ այնպէս իր եւ «Նոր հայկազեան»-ի միջեւ անցած էր դար մը, եւ ինք կը գտնուէր հայագիտական տարբեր մակարդակի մը վրայ. հոն ուր Աւգերեան եւ ընկերները չէին համարձակած, ինք կրնար առնել պատշաճ քայլը, եւ վճռել, որ երբէք՝ է-ով սխալ գրչութիւն է:
Արդեարեւ:
Մեր բոլոր բառարանները ունին հետեւեալ հարցական դերանուններու յարացոյցը.
ուր ուրեմն ուրեք
ուստ(ի) ուստեմն ուստեք
երբ երբեմն ............
Այս տախտակը շատ յստակ կը յուշէ, որ պարտէինք գրել երբեք, ճիշդ ուրեք-.ին եւ ուստեք-ին օրինակով. ասոնց մէջ գործողը նոյն հասարակաց եք ածանցն է:
Այս պարագային եւս արեւմտահայ բոլոր բառարանագիրները միահամուռ ունին միայն երբեք:
* * *
Կը գտնուին արեւմտահայ գրողներ, խմբագիրներ, ուսուցիչներ, որոնք իրենց ջուրը արդարօրէն կը խմեն միայն Մալխասեանի աղբիւրէն՝ յարգելի պատճառով, որովհետեւ Մալխասեանը նոր էջ բացած է հայ բառարանագրական գիտութեան մէջ եւ նոր որակ տուած է անոր: Ան ուրիշ վարկ մը կը վայելէ աշխարհաբարի բառարանագրութեան մէջ:
«Հորիզոն գրական»-ը, օրինակ, հետեւողականօրէն կը գրէ «երբէք», որովհետեւ Մալխասեանը կ’ընդունի իբրեւ գերագոյն իրաւարար:
* * *
Արթուն ընթերցողը պիտի հարց տայ, թէ ուրկէ՞ կու գայ ե ձայնաւորը արժեգին, արժեթուղթ, արժեչափ... բարդ բառերու արմատներուն միջեւ:
Ան մեր ա յօդակապին տարբերակն է:
Մեր ա եւ ե ձայնաւորները լծակից են, շատ յաճախ զիրար կը փոխարինեն. օրինակ՝ արագ-երագ, առասան-երասան, երախայ-երեխայ, Արաքս-Երասխ եւ այլն: Ահա այս լծակցութիւնն ալ գործած է յիշեալ բառերուն մէջ, որոնք ե-ով կազմած են իրենց բարդութիւնը:
Պատկերացուցէք, որ ունինք բառեր, որոնք նոյն արմատով տարբեր յօդակապեր ստացած են՝
այց այցագիր այցետոմս
դպիր դպրապետ դպրեվանք
ծաղիկ ծաղկաքաղ ծաղկեփունջ
հաշիւ հաշուակալ հաշուեփակ
Այս լծակցութիւնը յաճախ տեղիք տուած է այլազան չարաշահումներու. օրինակ՝ սիրեկան՝ փոխարէնը սիրականի
գլխեբաց՝ փոխարէնը գլխաբացի
ջլեպինդ՝ փոխարէնը ջլապինդի
Զազրելի են մանաւնդ արեւելահայոց օրեկան եւ ամսեկան բառաձեւերը՝ օրական եւ ամսական-ի փոխարէն:
Ծանօթ.—Այս բոլորին հետ առնչութիւն չունին ի+ա > ե հնչիւնափոխութեան ենթար-կուող բառերը. օրինակ՝
այգի-ա-պան > այգ-ե-պան
դափնի-ա-պսակ > դափն-ե-պսակ
հոգի-ա- շահ > հոգ-ե-շահ
ոսկի-ա-րիչ > ոսկ-ե-րիչ
3. Քանի ՞ սխալ կարելի է գործել ընթացիկ մահազդի մը մէջ:
--«[Թորոսի] մահուան Ա. Տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի Կիրակի, 14 Յուլիս 2024-ին, Նոր ...-ի Սուրբ Մարկոս Եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. Պատարագի»:
Ուրեմն՝
--Գլխագրումի վեց սխալ՝ Տարելից, Կիրակի, Յուլիս, Եկեղեցւոյ, Սուրբ, Պատարագ, որոնցմէ ոչ մէկը գլխագրելու պատճառ գոյութիւն ունի:
Մրցոյթ 179.
***Ո՞ր բառը պիտի նախընտրէիր փոխուած տեսնել.
---Դիմադրութեան գործողութիւնները պիտի շարունակուին աւելի մեծ ուժգնութեամբ (թափով):
***Սրբագրէ՛ սպրդած սխալը:
---Իր քրիստոնէական դաստիարակութիւնը զինք առաջնորդած է Հայ եկեղեցի, եւ մաս դարձուցած անոր դպրաց դասին:
***Թօթափէ՛ կրկնաբանութիւնները:
---Քննարկուած է թրքական գործունէութիւնը կազմակերպութեան մէջ՝ դէտի կարգավիճակով:
---Անիկա քու փրկիչդ է, քու փրկութիւնդ, քու առաջնորդդ, քու սկիզբդ ու վերջդ:
---Լիբանան կը դիմագրաւէ մարտահրաւէրներ, որոնք կը վտանգեն իր եւ ամբողջ շրջանի ապահովութիւնն ու կայունութիւնը:
Ճիշդ պատասխանած են՝ Ցոլակ Ապտալեան (6),Գէորգ Եազըճեան (8) Վահէ Աբէլեան (6), Գեղամ Խաչատրեան (8), Դանիէլ Թիւֆենքճեան (8), Պերճ Տէր Սահակեան (6),Եփրեմ Թոքճեան (8), Համբարձում Յարթունեան (8)
Մրցոյթ 180.
***Կէտերը փոխարինէ է կամ են բառերէն մէկով:
---Իրանի ռազմավարական նպատակը Կովկասի մէջ կայուն խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնն ..... :
***Ո՞ր բառը պիտի ուզէիր փոխարինել ուրիշով.
---Թշնամիին կրած վնասը պիտի ստիպէ զինք ի վերջոյ կանգնեցնել պատերազմը:
---Փարաճանով պատասխանատուներէն մէկն է հայ ֆիլմարուեստի ծաղկումին:
***Հայեցի շարադասութիւն տուր հետեւեալ թրքաբանութեան.
---Ամերիկեան ծրագիրը միջազգային անվտանգութեան ուղղակի սպառնալիք է եւ հրթիռային զինարշաւի վտանգը կը բարձրացնէ:
***Դուն ինչպէ՞ս կ’ըսէիր հետեւեալը.
---Սահմանազատման արդիւնքին մէջ վերջ կը դրուի տասնամեակներ շարունա-կուող վէճին («Պայքար», թիւ 383):
Արմենակ Եղիայեան
armenag@gmail.com