image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստանը պէտք է թուղթի վրայ ամրագրէ այն, որ արդէն պաշտօնապէս յայտարարած է՝ «Ղարաբաղը Ատրպէյճան է». Ալիեւ

Հայաստանը պէտք է թուղթի վրայ ամրագրէ այն, որ արդէն պաշտօնապէս յայտարարած է՝ «Ղարաբաղը Ատրպէյճան է». Ալիեւ

Հայաստանը պէտք է ուղղակի քաղաքական կամք դրսեւորէ եւ թուղթի վրայ ամրագրէ այն, որ արդէն պաշտօնապէս յայտարարած է՝ «Ղարաբաղը Ատրպէյճան է». այս մասին Փաքիստանի վարչապետ Շահպազ Շարիֆի հետ բանակցութիւններէն ետք մամուլի համար յայտարարութեան մէջ ըսած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ։

Ան նշած է, որ Փաքիստանի վարչապետին տեղեկացուցած է խաղաղութեան համաձայնագրի շուրջ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ ընթացիկ բանակցութիւններու մասին:

«Եւ կը կարծեմ, որ այս համաձայնագրի ստորագրման հեռանկարներ կան», -ըսած է Ալիեւ:

Նշենք, որ նախօրէին Եւրոպական Միութեան արտաքին գործերու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձր ներկայացուցիչ Ժոզեփ Պորելը՝ Եւրոպական խորհրդարանէն ներս «Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւնները եւ Լեռնային Ղարաբաղի ու Լաչինի միջանցքին մէջ տիրող իրավիճակը» թեմայով քննարկման ժամանակ ըսած էր, որ Նիկոլ Փաշինեանը ՀՀ առաջին ղեկավարն է, որ Լեռնային Ղարաբաղը միանշանակ ճանչցած է Ատրպէյճանի մաս: