Հայաստանի ընդդիմադիր կուսակցութիւնները ՝ ԲՀԿ (Բարգաւաճ Հայաստան Կուսակցութիւն), ՀՅԴ (Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն) եւ «Հայրենիք» հանդէս եկած են յայտարարութիւն-պահանջով։
Կուսակցութիւնները նշելով այսօր Հայաստանի մէջ տիրող ընդհանուր դրութիւնն ու իրենց մտավախութիւնները պահանջած են՝
Անյապաղ դադրեցնել սահմանադրական հիմնարկի կազմալուծման հակապետական ընթացքը:
Վերջ տալ ազգային արժէքներուն, ինքնութեան եւ հանրային դիմադրողականութեան սպառնացող, օտարածին օրակարգերու սպասարկման միտուած գործողութիւններուն:
Վերանայիլ եւ չեղարկել համավարակին հակազդելու պատրուակով ոչ իրաւաչափ հարկադրանքի միջոցներու կիրառումը, անոնց կարգին՝ վարչական տուգանքները։