image

Հայաստանի շահերէն կը բխի ՀԱՊԿ-ի մէջ անդամակցութեան շարունակութիւնը. Քրեմլ

Հայաստանի շահերէն կը բխի ՀԱՊԿ-ի մէջ անդամակցութեան շարունակութիւնը. Քրեմլ

Ռուսիոյ նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքով, խօսելով ՀԱՊԿ-ին Հայաստանի անդամակցութեան մասին, յայտարարած է, որ այդ պետութեան ինքնիշխան որոշումն է: 

«Սա Հայաստանի բացարձակ ինքնիշխան որոշումն է։ ՀԱՊԿ-ին անդամակցութիւնն օգուտներ կը բերէ Հայաստանին, յստակ օգուտներ։ ՀԱՊԿ-ն այն կազմակերպութիւնն է, որ վերջին ժամանակներուն բազմիցս ցոյց տուած է իր արդիւնաւէտութիւնը։

«Եւ, հաւանաբար, այս դէպքերը, երբ ՀԱՊԿ-ը ցոյց տուաւ իր արդիւնաւէտութիւնը, ցոյց կու տան, որ երկիրներու շահերէն կը բխի շարունակել այս տեսակի փոխգործակցութիւնն ու համագործակցութիւնը»,-լրագրողներուն ըսած է Փեսքովը՝ մեկնաբանելով ՀԱՊԿ-ին Հայաստանի անդամակցութիւնը։