image
Հրատապ լուրեր:

Երեւանի մէջ կը հասկանան ԵԱՏՄ-ին եւ ԵՄ-ին միաժամանակեայ անդամակցութեան անհնարինութիւնը․Փաշինեան

Երեւանի մէջ կը հասկանան ԵԱՏՄ-ին եւ ԵՄ-ին միաժամանակեայ անդամակցութեան անհնարինութիւնը․Փաշինեան

Երեւանի մէջ կը հասկնան Եւրասիական տնտեսական միութեան եւ ԵՄ-ին միաժամանակեայ անդամակցութեան անհնարինութիւնը: Օգոստոս 7-ին Ղրղզստանի մէջ ընթացող Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի նիստին յայտարարած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։

«Երբ Հայաստանը պատրաստ լինի դառնալու ԵՄ անդամ, դա էլ չի նշանակում, որ մեր երկիրն ավտոմատ կերպով կը դառնայ ԵՄ անդամ։ Դրա համար դեռեւս անհրաժեշտ է ԵՄ անդամների եւ Հայաստանի քաղաքացիների համաձայնութիւնը»,- նշած է ան։

Միեւնոյն ժամանակ Փաշինեանն ընդգծած է, որ անհնար է ԵՄ-ին անդամակցելու հարցը դնել Հայաստանի քաղաքացիներու որոշման՝ առանց նախնական հաստատութենական աշխատանքի։ Ան պարզաբանած է, որ սկիզբը հարկաւոր է Եւրոմիութեան դիմել անդամակցութեան պաշտօնական յայտով, այնուհետեւ ստանալ միանալու թեկնածուի կարգավիճակ, եւ առանց այս փուլերու հանրաքուէի կայացումը պիտի ըլլայ անբովանդակ։

«Դա կը նշանակի, որ մենք Հայաստանի քաղաքացիներին կանգնեցնում ենք այնպիսի այլընտրանքների միջեւ ընտրութեան առաջ, որոնցից մէկը գոյութիւն չունի։ Դա անարգալից կը լինի ժողովրդի նկատմամբ եւ ոչ լեգիտիմ», -աւելցուցած է վարչապետը։

Անդրադառնալով համարկման գործընթացներուն՝ Փաշինեանը նշած է, որ ԵԱՏՄ անդամ պետութիւններու փոխյարաբերութիւնները երրորդ երկիրներու հետ պէտք չէ ընկալուին որպէս զէրոյական գումարով խաղ։ Ընդ որում, ան ընդգծած է, որ ԵԱՏՄ-ի միւս երկիրներու հետ համագործակցութեան ամրապնդումը կը շարունակէ մնալ Երեւանի արտաքին քաղաքական եւ արտաքին տնտեսական առաջնահերթութիւններէն մէկը։

«Յարգելի ընկերներ, Հայաստանի Հանրապետութեան համար Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ պետութիւններու հետ համագործակցութիւնը կը մնայ արտաքին քաղաքական եւ արտաքին տնտեսական առաջնահերթութիւններէն մէկը», -ըսած է Փաշինեանը՝ աւելցնելով, որ այս մօտեցումն իր արտացոլումը պիտի գտնէ նաեւ նոր կառավարութեան ծրագիրին մէջ։