image

Հայաստանի մէջ տեղի կ՚ունենան արտահերթ ընտրութիւններ

Հայաստանի մէջ տեղի կ՚ունենան արտահերթ ընտրութիւններ

Այսօր Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններ են: Ժամը 08:00-ի դրութեամբ բացուած են Հանրապետութեան բոլոր՝ 2010 ընտրատեղամասերը: 

ԱԺ արտահերթ ընտրութիւններուն կը մասնակցի 11 քաղաքական ուժ` 9-ը կուսակցութիւն և 2 դաշինք: Նշենք, որ ՀՀ-ի մէջ իշխանափոխութենէն ետք իշխանութիւնը կը պահանջէր ԱԺ արտահերթ ընտրութիւններ: Վարչապետ Փաշինեանը հրաժարական տուաւ, Ազգային ժողովը երկու անգամ չընտրեց վարչապետ, ինչէն ետք ԱԺ-ն իրաւունքի ուժով արձակուեցաւ:

Կուսակցութիւններու համար անցողիկ շեմ կը համարուի 5 տոկոսը, դաշինքներու համար` 7-ը:

2018-ի խորհրդարանական ընտրութիւններու վերաբերեալ ոստիկանութեան կողմէ վարուող գրանցման վերջնական ցուցակներուն մէջ ընտրողներու թիւը կը կազմէ 2,573,779-ը: ՀՀ-ի մէջ կայ 13 ընտրատարածք, որմէ 4-ը Երեւանի մէջ:

9 Դեկտեմբերին դիտորդական առաքելութիւն իրականացուցած է 22 տեղական հասարակական կազմակերպութիւն: Միջազգային դիտորդական առաքելութիւն պիտի իրականացնեն ԵԱՀԿ ԺՀՄԻԳ, ԵԽԽՎ, ԱՊՀ դիտորդական առաքելութիւն, ԱՊՀ Միջխորհրդարանական վեհաժողով, ԵԱՀԿ Խորհրդարանական վեհաժողով եւ այլ միջազգային կառոյցներ:

11 քաղաքական ուժերը ներկայացուցած են 1471 պատգամաւորի թեկնածու:

 
Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը վիճակահանութեամբ Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւններուն մասնակցող կուսակցութիւններուն, կուսակցութիւններու դաշինքներուն հերթական համարները սահմանած է հետեւեալ կերպ.

1. Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւն

ՀՀԿ նախընտրական ցուցակը կը գլխաւորէ պաշտպանութեան նախկին նախարար Վիգէն Սարգսեանը:


ՀՀԿ ցուցակը բաղկացած է 125 անձէ: Ցուցակի 2-րդ համարը արդարադատութեան նախկին նախարար, ԱԺ փոխնախագահ Արփինէ Յովհաննիսեանն է, 3-րդը՝ վերլուծաբան Դաւիթ Շահնազարեանը:

2. «Քաղաքացու որոշում» սոցիալ-դեմոկրատական կուսակցութիւն

«Քաղաքացու որոշում» սոցիալ-դեմոկրատական կուսակցութեան ցուցակի առաջին համարը Սուրէն Սահակեանն է, 2-րդ համարը՝ Արտակ Կիրակոսեանը, 3-րդը՝ Ռուզաննա Տոռոզեանը:


3. «ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ» ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

ՀՅԴ նախընտրական ցուցակին մէջ ներառուած է 152 անձ: Դաշնակցութեան ցուցակը կը գլխաւորէ Ազգային ժողովի մէջ «ՀՅԴ» խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեանը:

2-րդ համարը ՀՅԴ ԳՄ ներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեանն է, 3-րդը՝ Արթուր Խաչատրեանը:


4. «Իմ քայլը» կուսակցութիւններու դաշինք

«Իմ քայլը» դաշինքին մաս կը կազմեն վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի ղեկավարած «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնն ու «Առաքելութիւն» կուսակցութիւնը:



Դաշինքի ցուցակը կը գլխաւորէ Նիկոլ Փաշինեանը, 2-րդը առաջին փոխվարչապետի պաշտօնակատար Արարատ Միրզոյեանն է, 3-րդը՝ պատգամաւոր Լենա Նազարեանը:

5. «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութիւն

«Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութեան ցուցակը կը գլխաւորէ քաղաքական այս ուժի նախագահը՝ պատգամաւոր Էտմոն Մարուքեանը:


Անոր կը յաջորդէ սոցիալական ապահովութեան նախարարի հրաժարական ներկայացուցած պաշտօնակատար Մանէ Թանդիլեանը, 3-րդ համարը՝ 1in.am կայքի խմբագիր Արման Բաբաճանեանն է:

6. «Քրիստոնեայ-ժողովրդական վերածնունդ» կուսակցութիւն

«Քրիստոնեայ-ժողովրդական վերածնունդ» կուսակցութեան ցուցակը կը գլխաւորէ կուսակցութեան նախագահ, քաղաքագէտ Լեւոն Շիրինեանը:


Ցուցակի 2-րդ համարը Մարիամ Մանուկեանն է, իսկ 3-րդ տեղը՝ Գէորգ Յովսէփեանը:

7. «Ազգային առաջընթաց» կուսակցութիւն

«Ազգային առաջընթաց» կուսակցութեան ցուցակը կը գլխաւորէ Լուսինէ Հարոյեանը:


8. «Մենք» կուսացութիւններու դաշինք

«Մենք» դաշինքը, որուն մաս կը կազմեն «Ազատ Դեմոկրատներ» եւ «Հանրապետութիւն» կուսակցութիւնները, ներկայացուցած է 144 հոգինոց ցուցակ: 


Առաջին համարը «Հանրապետութիւն» կուսակցութեան նախագահ Արամ Սարգսեանն է, իսկ յաջորդ 2 համարները «Ազատ Դեմոկրատներ»ու ներկայացուցիչներն են՝ նախագահ Խաչատուր Քոքոբելեանն ու փոխնախագահ Անժելա Խաչատրեանը: 

9. «Օրինաց երկիր» կուսակցութիւն

«Օրինաց երկիր» կուսակցութեան ցուցակը կը գլխաւորէ կուսակցութեան նախագահ Արթուր Պաղտասարեանը: Անոր կը յաջորդեն նախկին պատգամաւորներ Մհեր Շահկելտեանը, Հեղինէ Բիշարեանը:


10. «Սասնայ ծռեր» համահայկական կուսակցութիւն

«Սասնայ ծռեր» կուսակցութեան նախընտրական ցուցակը կը գլխաւորէ Վարուժան Աւետիսեանը, 2-րդ տեղը քաղաքագէտ Ստեփան Գրիգորեանն է, 3-րդը՝ Գարեգին Չուքասզեանը:


11. «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւն

«Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան 175 հոգինոց ցուցակը կը գլխաւորէ կուսակցութեան նախագահ Գագիկ Ծառուկեանը:


Անոր կը յաջորդէ ԱԺ փոխնախագահ Միքայէլ Մելքումեանը, Ուժանիւթի նախկին նախարար Արթուր Գրիգորեանը: