image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագիր կնքելը անխուսափելի է. Ալիեւ

Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագիր կնքելը անխուսափելի է. Ալիեւ

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ «անխուսափելի» կը համարէ Հայաստանի հետ խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրումը։

«Այսօր մենք կարծիքներու լայն փոխանակում կատարած ենք նաեւ տարածաշրջանային հարցերու շուրջ։ Լիթուանիոյ նախագահին տեղեկացուցած եմ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղ բանակցութիւններու մասին։ Մենք յոյսով ենք, որ խաղաղ բանակցութիւններու կայացումը երկարաժամկէտ խաղաղութիւն կը բերէ Կովկաս»,-ըսած է ան 22 մայիսին Վիլնիւսի մէջ Լիթուանիոյ նախագահ Կիթանաս Նաուսետայի հետ հանդիպումէն յետոյ:

Ալիեւ հերթական անգամ յայտարարած է «միլիոնաւոր փախստականներու» եւ «տարածքներու 20 տոկոսի բռնագրաւման» մասին, որմէ յետոյ վստահեցուցած է, որ «խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրումն անխուսափելի է, եւ Ատրպէյճան կը փորձէ կառուցողական ջանքեր գործադրել այդ նպատակին հասնելու համար»։