Անշուշտ, տխուր է՝ քաղաքական կեանքին մէջ միշտ չէ, որ կը յարգուին այն մարդիկ, որոնք ո՛չ միայն կառավարելու առումով տաղանդաշատ են, այլեւ միջազգային հարթակի վրայ կարեւոր ու խորքային յարաբերութիւններ ունին։ Այդ կերպարներէն մին էր Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին՝ չորրորդ նախագահ Արմէն Սարգսեան, որ պաշտօնավարեց, երբ այդ պաշտօնը շատ բան կորսնցուցած էր իր հմայքէն մշակուած սահմանադրութեան բերումով։ Հմայքը, անշուշտ, արարողակարգային, ձեւական դրոյթներէ շատ աւելի խոր կշիռ մըն է։ Նախագահը այդ հիմնարար քարերով ու եղանակներով երկրի իրական ղեկավարը կը համարուէր։
Ինչպէս այլ շատ բաներ, անշուշտ, Հայաստանի մէջ քաղաքական վերնախաւը երբեք չօգտուեցաւ նախագահական կառոյցի ընձեռած առիթներէն ու հնարաւորութիւններէն։ Ընդհակառակն, ամէն ինչ ի գործ դրուեցաւ, որպէսզի այսօրուան իշխանութիւններով կարգադրեն «համահարթեցում» ըսուածը։ Այսպէսով, նախագահական կառոյցը մէկ խօսքով վերածեցին վարչապետի պաշտօնի հեռակայ արձագանգին կամ վարչապետի սրտէն անցած որոշումները ստորագրող ու զանոնք հրապարակող մարդու։ Վիրաւորական բան չկայ, որովհետեւ այսպիսին է այսօր ստեղծուած ընդհանուր պատկերը։ Այս վիճակին ճիշդ հակառակը կրնար ստեղծուած ըլլալ, եթէ Հանրապետութեան նախագահը վայելէր յաւելեալ լիազօրութիւններ ու այսպէսով կարողանար իր ձայնն ու տեսակէտը լսելի դարձնել հանրութեան։
Այստեղ ուրիշ շփոթ վիճակ մըն ալ կայ, ինչ որ կը խօսի քաղաքական խմբակ կոչուած եւ արդէն տարիներէ ի վեր երկրի գլխուն փորձանք դարձած իշխելաոճի մը մասին։ Հարցը արդէն դուրս եկած է քաղաքական նեղ առանցքներէն ու դարձած է լիարժէք տիրելու եղանակ մը։ Այլ խօսքով, որեւէ քաղաքական կուսակցութիւն, երբ իշխանութեան հասնի, անշուշտ, կրնայ իր յառաջատար դէմքերուն, ամենավստահելի գործիչներուն լաւ տեղեր տալ, բայց այդ վարքը պէտք է ըլլայ կուսակցութեան պարունակին մէջ եւ անկէ դուրս բազմակարծութիւնը տանելի պէտք է դառնայ՝ նոյնինքն վարչախումբին համար։ Այդ բազմակարծութեան շնորհիւ ու ճամբով երկրին առջեւ ծառացած խնդիրներուն դիմաց պիտի ստեղծուի որոշ միասնակամութիւն մը, որ մեծ հաշուով պիտի ունենայ իրական ներուժ՝ լուծելու համար բարդ խնդիրները։
Այս բոլորը, ի հարկէ, կը նշեմ մտքիս ծայրն ունենալով Արմէն Սարգսեանի պարագան։ Չես գիտեր ինչու, ան մէկ անգամէն յայտնուեցաւ Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութեան սեւ ցուցակի գագաթին եւ առանց հասկնալի պատճառաբանութիւններու հեռացուեցաւ իր պաշտօնէն, հեռացաւ նաեւ Հայաստանէն։ Ինչո՞վ պիտի վնասէր Արմէն Սարգսեան Հայաստանին, որ ներկայ ժամանակներուն իսկապէս կ՚ապրի օրհասական պահեր։ Իր բարձր մակարդակի կապերո՞վ, իր հմուտ քաղաքական գործիչի հոտառութեա՞մբ կամ թէ լուռ ու մունջ եւ երկար մտածող մարդու մեծ տպաւորութեամբ։ Արձանագրուած այս կէտերը, ի հարկէ, միայն ու միայն դրական շունչ մը պիտի տային երկրին, բայց, եկուր տես, որ շան գլուխը այլ տեղ թաղուած է։ Պատմութիւնը պէտք է այդ փուլին լիիրաւ գնահատականը տայ, բայց եւ այնպէս, նոյնպէս պատմութեան համար հարկ է արձանագրել, որ Արմէն Սարգսեան քաղաքական մեծ տարողութեան տէր՝ մանաւանդ միջազգային խորքային կապեր մշակած գործիչ մըն է։
Նախկին նախագահը վերջերս հրապարակած է ուշագրաւ ու շահեկան հատոր մը, որ կը կոչուի «The Small States Club»։ Այս մասին կարճ նշմար մըն ալ լոյս տեսած է «The Economist»ի մէջ։ Հեղինակաւոր լրատուամիջոցը թէեւ ամփոփ գիծերու մէջ, բայց գրեթէ ամէն ինչ ըսած է հեղինակին ու գիրքին մասին։ Ստորեւ կը ներկայացնենք սղագրութիւնը։
*
Վտանգաւոր պահ էր։ 1980-ականներուն Միխայիլ Կորպաչովի Մեծն Բրիտանիա կատարած այցին ժամանակ, ընդունելութեան ընթացքին, Քէյմպրիճի համալսարանի երիտասարդ սովետ հետազօտող, իսկ ներկայիս՝ Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին նախագահ Արմէն Սարգսեան դէմ յանդիման գտնուած է Անգլիոյ վարչապետ Մարկրիթ Թեչըրի խորաթափանց հարցին. «Երիտասարդ, դուք ձեզ հա՞յ կը զգաք, թէ խորհրդային»։
Ինչպէ՞ս պատասխանել թէ՛ չդաւաճանելով թանկարժէք ցեղի իր արմատներուն եւ թէ՛ ալ հրապարակային անհաւատարմութիւն չդրսեւորելով Խորհրդային Միութեան դէմ՝ Կորպաչովի շուրջի լրտեսներու լսելիութեան սահմաններուն մէջ։
«Ես, ի հարկէ, հայ եմ», պատասխանած է Արմէն Սարգսեան՝ աւելցնելով, որ նաեւ երախտագէտ խորհրդային քաղաքացի մըն է, որովհետեւ հիանալի կրթութիւն ստացած է հայրենիքին մէջ։ Դիւանագիտութեան այս ճկուն տեսակով, որ ոչ-մեծ պետութիւններուն բնորոշ է, Թեչըր կը հիանայ Սարգսեանին։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին նախագահը «The Small States Club» (Փոքր պետութիւններու ակումբը) գիրքին մէջ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէ փոքր պետութիւններուն նկատմամբ, որոնք կրցած են հասնիլ յաջողութեան եւ մնացեալ աշխարհին կրնան դասեր տալ։ Անոր գրառումները այդ քանի մը երկիրներու մասին՝ համեմուած անձնական պատմութիւններով, համոզիչ օրինակներ են գործնական կիրառումներու: Օրինակները տարատեսակ խումբ մը կը ներկայացնեն։
Սինկափուրը ամենաաննպաստ սկզբնական իրավիճակէն դարձաւ ամենայաջողակ քաղաք-պետութիւններէն մէկը աշխարհին մէջ՝ շնորհիւ Լի Քուան Եուի հեռատես ղեկավարութեան։ Պոցուանան անմշակ ադամանդ մըն է, ըստ Սարգսեանի, տնտեսական շրջահայեացութեան եւ արդիւնաւէտ կառավարման նմոյշ մը Ափրիկէի մէջ։
Անոր հաւաքածոյին մէջ տեղ գտած են նաեւ Եւրոպայէն երեք երկիրներ՝ Զուիցերիան, որ չէզոքութիւնը վերածած է արժանապատուութեան, Իրլանտան, որ ունի տպաւորիչ կապեր, ինչպէս նաեւ սրտակցութիւն, բացութիւն եւ աշխարհայնացում եւ տպաւորիչ գործնական Էսթոնիան, որ Խորհրդային ժամանակներէն ի վեր փոխուած է անճանաչելիութեան աստիճան՝ դառնալով պարզեցուած հարկման եւ ելեկտրոնային կառավարութեան նախագնացը։
Մերձաւոր Արեւելքի մէջ կը գտնուի փոքր պետութիւններու աստղերու համաստեղութիւնը։ Քաթար ամենէն մեծ չափով կ՚օգտագործէ իր կազն ու անվտանգութիւնը, որ կ՚ապահովէ ամերիկեան խոշոր օդուժի խարիսխի տեղակայմամբ, միեւնոյն ժամանակ, ապահովագրելով իր տոկոսադրոյքները արտաքին քաղաքականութեան մէջ. օրինակ՝ ան վերջերս դեր խաղացած է Իսրայէլի եւ «Համաս»ի միջեւ պատանդներու փոխանակման գործով։ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները կը գերազանցէ իր հնարաւորութիւնները՝ որպէս հանգուցային, նաեւ լոժիսթիք կեդրոն՝ շնորհիւ իրատես որոշումներու եւ խելամիտ ներդրումներու։ Սարգսեան տպաւորուած է նաեւ Իսրայէլի՝ «սթարթափերու երկրի» հմուտ լոպիինկով եւ տնտեսական ընտրողականութեամբ, հակառակ երկիրը այժմ ահաւոր պատերազմի մը մէջ է ու ինչպէս Հայաստանը, ցաւոտ յիշողութիւն եւ համաշխարհային սփիւռք ունի։
Այնուամենայնիւ, Հայաստան չի կրնար համեմատուիլ Իսրայէլի հետ տնտեսական զարգացման իմաստով, ինչպէս նշած է Սարգսեան։ Հայաստան չէ յաջողած ամենէն մեծ չափով օգտագործել իր սփիւռքը։
Եւ այսպէս, ի՞նչ դասեր քաղած են փորձագէտները։ Անոնց գլխաւոր հոգն է գոյատեւելը։ Անոնք կը գիտակցին իրենց խոցելիութիւնը եւ ներդրումներ կը կատարեն ապագայի համար։ Արմէն Սարգսեան կը համարէ, որ հիմնական բաղադրիչները ինքնութեան՝ ուժեղ զգացողութիւնը, ազգային առաքելութիւնը, ռազմավարական նպատակն ու արդիւնաւէտ ղեկավարութիւնն են։ Ան կը հաւաստիացնէ, թէ այս բոլորին օգնութեամբ փոքր պետութիւնները կրնան յաղթահարել 21-րդ դարու բարդ մարտահրաւէրները աւելի խելամիտ միջոցներով՝ քան աւանդական մեծ տէրութիւնները։
Գուցէ այդպէս է, բայց արդեօք նման պետութիւններու «ակումբ»ը իսկապէս կրնա՞յ նպաստել խաղաղութեան եւ գործընկերութեան գաղափարներու տարածման ու յառաջմղման, տակաւին չըսելով աշխարհի փրկութեան, ինչպէս կը պնդէ Արմէն Սարգսեան։ Գուցէ զարմանալի չէ, որ անոր ջանքերը այս գաղափարները յառաջ մղելու գործին մէջ հանդիպած են դիմադրութեան եւ ո՛չ միայն աւելի խոշոր պետութիւններու արմատացած շահերու եւ կայացած խմբաւորումներու պատճառով։ Իր տարատեսակ անդամներով նման ակումբը կը վտանգուի վէճեր յառաջացնելով։ «Տարրերու ներդաշնակութիւնը՝ համանուագը» կրնայ դիւրութեամբ վերածուիլ աններդաշնակութեան։ Բաց աստի, ակումբը կ՚ենթադրէ մեծութեան ձգտում։ Բայց, ինչպէս համոզիչ կերպով կը գրէ Սարգսեան, գեղեցկութիւնը փոքր ըլլալու մէջ է։
Սագօ Արեան
«Ժամանակ»/Պոլիս