image

Հայաստանի եւ Թուրքիոյ ԱԳ նախարարները կարեւորած են տարածաշրջանին մէջ անվտանգութեան հաստատումը

Հայաստանի եւ Թուրքիոյ ԱԳ նախարարները կարեւորած են տարածաշրջանին մէջ անվտանգութեան հաստատումը

Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը հեռախօսազրոյց ունեցած է Թուրքիոյ Հանրապետութեան Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի հետ: Այս մասին յայտնած են ԱԳՆ մամուլի ծառայութենէն։

Զրուցակիցները քննարկած են Մերձաւոր Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող զարգացումները՝ մտահոգութիւն յայտնելով իրավիճակի շարունակական սրման կապակցութեամբ։

Երկուստեք կարեւորուած է տարածաշրջանին մէջ կայունութեան եւ անվտանգութեան հաստատումը։