image

Հայաստանի դեսպանին հանդիպումը Միլանոյի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ

Հայաստանի դեսպանին հանդիպումը Միլանոյի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ

Օրերս, աշխատանքային այցով Միլանօ գտնուող Հայաստանի դեսպան Վլատիմիր Կարապետեան մասնակցած է Միլանոյի հայ առաքելական եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած պատարագին, ապա՝ հանդիպում ունեցած համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Փարիզի «Նոր Յառաջ» պարբերականէն։

Ստորեւ այդ մասին հրապարակուած լուրը՝

Աշխատանքային այցով Միլանօ գտնուող Հայաստանի դեսպան Վլադիմիր Կարապետեան, Մարտ 22-ին հանդիպում ունեցած է նախ տեղւոյն հայ համայնքի գործարար շրջանակի ներկայացուցիչներուն հետ։

Դեսպանը անդրադարձած է Հայաստանի արտաքին քաղաքական առաջնահերթութիւններուն, հայ-իտալական յարաբերութիւններուն եւ խաղաղութեան օրակարգի ուղղութեամբ Հայաստանի կառավարութեան ջանքերուն։ Աւարտին ան պատասխանած է գործարարները հետաքրքրող հարցումներուն։

Յաջորդ օրը դեսպանը մասնակցած է Միլանոյի հայ առաքելական եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած պատարագին, ապա՝ հանդիպում ունեցած համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։