Սիւնիքի մարզի երկու անչափահաս բնակիչներ մոլորուած են եւ յայտնուած Ատրպէյճանի տարածքին մէջ: Այս մասին յայտնած են ազգային անվտանգութեան ծառայութենէն։
Ստացուած տուեալներու համաձայն՝ Սիւնիքի մարզի Տեղ համայնքի բնակիչներ Կարէն Արմէնի Ջհանգիրեանը (ծնած 27.06.2007թ.) եւ Անտրէյ Արմէնի Գեագունցը (ծնած 13.01.2008թ.) 2025-ի յունիս 6-ին՝ ժամը 01:20-ի սահմաններուն, Սիւնիքի մարզի Արավուս գիւղի յարակից հատուածին մէջ՝ տեղանքին մէջ մոլորուելու հետեւանքով յայտնուած են Ատրպէյճանի տարածքին մէջ։
ԱԱԾ-էն յայտնած են, որ կը ձեռնարկուին անհրաժեշտ բոլոր միջոցները՝ քաղաքացիներու գտնուելու վայրը պարզելու եւ անոնց անվտանգ վերադարձն ապահովելու ուղղութեամբ։