image

Հայաստան. Ընդդիմութեան նստացոյցը պիտի շարունակուի

Հայաստան. Ընդդիմութեան նստացոյցը պիտի շարունակուի

 

Երէկ ընդդիմութեան կազմակերպած միջոցառումները աւարտեցան, սակայն Հանրպետութեան հրպարակին մէջ յայտարարուած նստացոյցը պիտի շարունակուի, վրանները տեղադրուած են:

 

Նշենք, որ երէկ ընդդիմութիւնը որոշած էր շրջափակել կառավարութեան շէնքը եւ թոյլ չտալ Նիկոլ Փաշինեանին եւ կառավարութեան միւս անդամներուն մուտք գործել շէնք եւ նիստ կայացնել:

Սակայն, կառավարութեան անդամները յաջողած էին ներս մտնել եւ նիստը կայացաւ: Փոխարէնը վարչապետի մեքենաներու շարասիւնը կառավարութեան շէնքէն դուրս գալու ժամանակ ցուցարարները փակած էին ճանապարհը: Ոստիկաններու օգնութեամբ ճանապարհը բացուած էր եւ շարասիւնը դուրս եկած էր:

Այնուհետեւ քաղաքացիները երթ կազմակերպած էին դէպի գլխաւոր դատախազութեան շէնք, ուր պահանջած են գլխաւոր դատախազէն քրէական գործ յարուցել ու ձերբակալել Փաշինեանը: