image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստան. Արտագաղթի աճը կը շարունակուի

Հայաստան. Արտագաղթի աճը կը շարունակուի

 

2021 թուականին 6 ամսուան մէջ ժամանած քաղաքացիներու թիւը կազմած է  602679, իսկ մեկնածներու թիւը՝ 740785: Ընդհանուր առմամբ, նշուած ժամանակահատուածին ուղեւորահոսքը կազմած է 1343464 մարդ:

«Զուարթնոց» եւ «Շիրակ» օդակայաններուն մէջ ուղեւորահոսքը այս տարի առաջին եռամսեակին կազմած է 270975 մարդ:

2021 թուականի առաջին երեք ամսուան մէջ ժամանածներու թիւը կազմած է 105236 մարդ, իսկ մեկնածներու թիւը՝165739 մարդ:

Այս տարի երկրորդ եռամսեակին Հայաստանի երկու օդակայաններուն մէջ ուղեւորահոսքը կազմած է 501017 մարդ:

2021 թուականի երկրորդ եռամսեակին ժամանածներու թիւը կազմած է 497443 մարդ, իսկ մեկնածներու թիւը՝  575046 մարդ:

Այսպէս, 2021 թուականի առաջին եռամսեակին օդային ճանապարհով մեկնածներու թիւը 60503-ով շատ է, քան ժամանածներու թիւը:

Օդային ճանապարհով մեկնածներու թիւը երկրորդ եռամսեակին 77603-ով շատ է, քան ժամանածներու թիւը:

Այսպիսով պարզ կը դառնայ, որ երկրորդ եռամսեակին տարբերութիւնը  28%-ով մեծ է, քան առաջին եռամսեակին: