«Զուարթնոց» եւ «Շիրակ» օդակայաններուն մէջ ուղեւորահոսքը այս տարի առաջին եռամսեակին կազմած է 270975 մարդ:
2021 թուականի առաջին երեք ամսուան մէջ ժամանածներու թիւը կազմած է 105236 մարդ, իսկ մեկնածներու թիւը՝165739 մարդ:
Այս տարի երկրորդ եռամսեակին Հայաստանի երկու օդակայաններուն մէջ ուղեւորահոսքը կազմած է 501017 մարդ:
2021 թուականի երկրորդ եռամսեակին ժամանածներու թիւը կազմած է 497443 մարդ, իսկ մեկնածներու թիւը՝ 575046 մարդ:
Այսպէս, 2021 թուականի առաջին եռամսեակին օդային ճանապարհով մեկնածներու թիւը 60503-ով շատ է, քան ժամանածներու թիւը:
Օդային ճանապարհով մեկնածներու թիւը երկրորդ եռամսեակին 77603-ով շատ է, քան ժամանածներու թիւը:
Այսպիսով պարզ կը դառնայ, որ երկրորդ եռամսեակին տարբերութիւնը 28%-ով մեծ է, քան առաջին եռամսեակին: