image

Հայը հայուն «կը բռնէ»...

 Հայը հայուն  «կը բռնէ»...

Հայը հայուն «կը բռնէ»...

Ո՞վ է ճշմարտութենէ թափուր այս լոզունգին տէրն ու հեղինակը եւ Աստուածային ո՞ր հրաշքով երբեւէ տեսած է հայը հայուն բռնելը. մա՜րդ չի գիտեր: Թէպէտ նման հայրենասիրական արտայայտութիւն մը երբեք ալ ճշմարտութեան վրայ հիմնուելու կարիքը չունի՝ այնքան ատեն՝ որ անո՜ւշ կը հնչէ եւ հայաթափուած հոգիներուն մէջ յոյսի ու հայրենասիրական աղօտ լոյսի շող մը կը փոխանցէ: 

Անյայտ հեղինակը արժանի է դատաքննութեան՝ ազգին մէջ առանց վկայութեան ու հաւաստիքի նման լոզունգ մը նետած ըլլալու մեղադրանքով: Եթէ փորձենք արդարացնել որ այդ լոզունգին իմաստը ա՛յն է որ հայը միա՛յն հայկականը կը քաջալերէ, ճշմարտութիւնը կու գայ փաստելու թէ օտարամոլութիւնը մեր ոսկորներու ծուծը թափանցած է: Եթէ փորձէք արդարացնել թէ կը նշանակէ թէ հայը մի՛շտ առաջնահերթութիւն ըրած է իրեն համար հայկական ու հայերէնը, սփիւռքի ներկայ վիճակը կու գայ փաստելու օտար լեզուով, օտար ոգիով դաստիարակուած հայը մանուկն ու պատանին դադրած են հայ ըլլալէ: 

Իսկ եթէ պիտի փորձէք արդարացնել թէ վտանգի պահուն հայը մի՛շտ հայուն կողքին է... պատմութիւնը կու գայ փաստելու որ բազմի՜ցս հայը վտանգի մատնուած, մինչեւ իսկ բանտուած եւ սպաննուած է նոյնինքն հայու կողմէ: 

Սակայն ոչինչ. հայը հայուն կը բռնէ: 

Անցեալին հայ մտաւորականներէն մէկը սփիւռքի մէջ ճաշելու համար կ'երթայ հայկական ճաշարան մը: Ճաշարանատէրը սրտնեղած կողքի սեղանէն աթոռ մը քաշելով կը նստի մտաւորականին դէմը ու կը սկսի խօսիլ իր ցաւերուն մասին: Կը գանգատի տնտեսական կացութեան մասին. օրէ օր յաճախորդները կը պակսէին եւ ճաշարանին վարձքն իսկ կը դժուարանար շահելու: Ցաւը մեծ էր. հայերը փոխանակ իր մօտ ճաշելու կ'երթային արաբական ճաշարաններ: Կը զայրանար. ազգային ոգի մնացած չէր այդ հայերուն մօտ: Մեր յայտնի լոզունգին հակառակ կը կոչէր. «մենք հայերս ե՞րբ կրցած էինք զիրար բռնել»: Որոշած էր դիրք բռնել. այլեւս հայկական ո՛չ մէկ ձեռնարկի ու հանդիսութեան պիտի չմասնակցեր: 

Իրաւունք ունէ՞ր վշտանալու. չէ՞ որ ինք հայ էր, հետեւաբար բոլոր հայերը աւանդութեան համաձայն պարտաւոր էին իր ճաշարանը յաճախել: Սակայն հայերը ապերախտ էին: 

Սակայն բուն զաւեշտը հոն էր, որ ճաշարանատէրը իր զաւակները փոխանակ հայկական դպրոց ղրկելու օտար վարժարան կը ղրկէր: Եւ ինչո՞ւ չի ղրկեր. չէ՞ որ օտար դպրոցներու մէջ իր զաւակները օտարին լեզուն աւելի մաքուր պիտի խօսէին՝ քան հայկական դպրոց յաճախող աղքատին զաւակը: Օտար լեզուն էր կարեւորը. որովհետեւ կամ հայկական դպրոցի մէջ մայրենին լաւ պիտի գիտնային՝ առանց տիրապետելու օտարինին, կամ ալ օտար դպրոցի մէջ օտարին լեզուն լաւապէս պիտի խօսէին՝ կամաց կամաց մոռնալով հայկականը: 

Սփիւռքը այսօր լեցուն է նման թէական հայրենասէրներով, որոնք մի՛շտ սպասում ու ակնկալիք ունին արիւնակից հայերէն, կուսակցութիւններէն, կազմակերպութիւններէն ու եկեղեցիներէն, որովհետեւ անոնք պարտաւոր են իրեն համար գործել, սակայն ի՛նք ո՛չ մէկ պարտաւորութիւն ունի ի դիմաց այդ բոլորին: 

Երկու տարի առաջ եկեղեցիներէն մէկուն մէջ կարօտեալ ընտանիքներու օժանդակութեան մարմնի անդամ էի. ամբողջ կեանքը արաբական եկեղեցի յաճախող հայ կին մը, գրեթէ արաբախօս ու այլասերած կու գար եկեղեցի ո՛չ թէ խնդրելու, այլ պահանջելու իր արդար իրաւունքը: Չէ՞ որ հայ էր եւ եկեղեցին պարտաւոր էր իր հայութեան սիրոյն կատարել այդ օգնութիւնը: Վստահ եղէք, կարելի կեանքին մէջ հայկական եկեղեցի մտած չէր այդ կինը: Ու եթէ կրնաս մի՛ օգներ այդ կնոջ. երկիր ամբողջ կը տարաձայնուի թէ հայ ըլլալով մերժուած է գաղութի կողմէ: Եւ շնորհակալ ալ չե՛ն երբեք. «Ունի՛ն, թող տան... հա՛յ ենք»: 

Ընչաքաղցութիւնը ի՜նչ հայրենասէրներ կը ստեղծէ: 

Ճիշդ է ըսուած լոզունգը... հայը հայուն կը բռնէ՝ բայց միայն մուկերու թակարդին մէջ՝ իր ամենէն լաւ գիտցած շնորհքը ի գործ դնելու... ապերախտութի՛ւն: 

Հրայր Տաղլեան 

Հրայր Տաղլեան

Հրայր Տաղլեան

Ծնած է Պէյրութ-Լիբանան, 8 Փետրուար 1992-ին: Ա...