image

Հաուայեան կղզիներու մէջ անտառային հրդեհներու հետեւանքով զոհուած է 36 մարդ

Հաուայեան կղզիներու մէջ անտառային հրդեհներու հետեւանքով զոհուած է 36 մարդ

Հաուայեան կղզիներուն մէջ մոլեգնող հրդեհները կը շարունակուին։ 

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Daily Mail-էն, ուր մասնաւորապէս կը նշուի, թէ առնուազն 36 մարդ զոհուած է Հաուայեան կղզիներու մէջ անտառային հրդեհներու հետեւանքով, այրած է Մաուի կղզի մէջ գտնուող յայտնի զբօսաշրջային Լահայնա քաղաքի մեծ մասը, յայտնած է նահանգի շրջանային գրասենեակը։

«Լահայնայի մէջ կը շարունակուին հրդեհաշիջումները, յայտնաբերուած է 36 զոհ», -ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Անտառային հրդեհները սկսած են չոր եղանակի պատճառով, իրավիճակը կը վատանայ ուժեղ քամիի պատճառով: Փրկարարական եւ որոնողական ծառայութիւնները կ'աշխատին շուրջօրեայ։

 

Նախնական տուեալներով՝ կրակը վնասած է աւելի քան 270 շինութիւն, տարհանուած է շուրջ 2,1 հազար մարդ։