Արմատներով Լիբանանէն եւ ներկայիս Գանատա հաստատուած մեր հայրենակից՝ Նժդեհ Պոտրումեան կը գրէ ՝
Երկուշաբթի 19 Փետրուար 2024-ին 58 տարեկան հասակին առյաւէտ աչքերը փակեց զարմիկներուս մայրը՝ Հուրի Գույումճեանը։ Ան մայր էր երկու զաւակներու, եւ մեծ մայր երկու թոռնիկներու։ Ան նաեւ շատ սիրելի քոյր եւ հօրաքոյր էր։ Բայց ո՞վ էր Հուրին ինծի համար։
Հուրին որպէս հարսքոյրիկ միշտ ներկայ եղած է իմ կեանքիս մէջ մանկութեանս առաջին օրերէն ի վեր, դերեւս իսկ ծնած վայրկեանէս ի վեր։ Փոքր տարիքէս շատ ազգականներու ծանօթացած եմ, սակայն միշտ որոշ ազգականներ աւելի ակնառու դարձած են ինծի համար եւ յատուկ ձեւով ուշադրութիւնս գրաւած են։
Հուրին այդ անհատներէն էր։ Բացառիկ էր Հուրին։
Ես Պուրճ Համմուտ կը բնակէի, բայց ինք ու զարմիկներս քիչ մը հեռու կը բնակէին։ Հնարաւոր չէր որ ամեն օր տեսնուինք։ Բայց ամեն անգամ որ լուր ունենայի որ զարմիկներս պիտի գան չափազանց կը խանդավառուէի եւ սրտանց կ՛ուրախանայի։ Որքան որ հաճելի էր ինծի համար ինծի տարեկից զարմիկներս տեսնել, նոյնքան հաճելի էր զինք տեսնելը որովհետեւ բոլորին, նամանաւանդ մանուկներու շատ լաւ ուշադրութիւն կը դարձնէր իր անկեղծ ժպիտով ու անուշ խօսքերով։ Սակայն Հուրիին կեանքը երբէք դիւրին չէր...
Ան մեծցած էր Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն որուն պատճառով արդէն բնական մանկութիւն չունեցաւ։ Պատերազմը հազիւ աւարտեց ան շատ կանուխ կորսնցուց իր մայրը որ արդէն անբացատրելի եւ անհուն ցաւ մըն էր իրեն համար։ Իսկ ամենատխուրը այն էր որ ան ունեցաւ «անկայուն» ամուսնութիւն մը, ուրիշ բան չըսելու համար...
Որովհետեւ ան տարիներու ընթացքին փորձեց լուռ չմնալ եւ ձայնը բարձրացուց որ իր իրաւունքը պաշտպանէ բազմիցս քննադատուեցաւ եւ յետ մահու նոյնիսկ կը շարունակուի քննադատուիլ։ Բայց ես ամենականուխ յիշատակներէս մինչեւ վերջին անգամ որ զինք տեսայ, այդ լաւ Հուրին որ ես աւելի քան 25 տարիներու ընթացքին ճանչցայ, ես իր լաւութիւնը չերեւակայեցի։ Ան իսկապէս լաւ անձ մըն էր։
Հարսքոյրիկ, կը ցաւիմ որ օտարութեան մէջ ըլլալու պատճառով չկրցայ վերջին հրաժեշտ տալու համար ներկայ գտնուիլ յուղարկաւորութեանդ, բայց գիտցիր որ ես քեզի միշտ պիտի յիշեմ, խնդուքդ ալ ականչիս մէջ պիտի մնայ, եւ ես, ինչպէս միշտ, պիտի շարունակեմ ըլլալ քու լաւ անունիդ պահապանը։
Երբէ՜ք արժանի չէիր այս ճակատագրին...
Հողը թեթեւ գայ վրադ։ Յիշատակդ անթառամ պիտի մնայ մեր սրտերուն մէջ։