image

Յառաջիկայ տարիները ըստ Փութինի «դժուար տարիներ»

Յառաջիկայ տարիները ըստ Փութինի «դժուար տարիներ»

Առաջիկայ քսան տարիները մարդկութեան համար պիտի ըլլան աւելի բարդ՝ միջազգային գործընթացներու աշխուժութեան պատճառով, ըսած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը՝ ելոյթ ունենալով «Վալտայ» միջազգային քննարկման ակումբի լիագումար նիստին։ Այս մասին գրած է РБК-ն։

«Ժամանակակից աշխարհն անկանխատեսելի է, այդ միանշանակ է... Եթէ ետ նայիք 20 տարի եւ գնահատէք փոփոխութիւններու մաշտապները, յետոյ այդ փոփոխութիւնները նախագծենք գալիք տարիներու համար, կրնաք ենթադրել, որ յաջորդ քսան տարիները պիտի ըլլան ոչ պակաս, եթէ ոչ աւելի բարդ»,- ըսած է ան:

Թէ որքան դժուար պիտի ըլլայ այդ կախուած է բազմաթիւ գործօններէ, կը կարծէ Ռուսիոյ նախագահը։

«Փորձագէտները կը խօսին նոր տարածաշրջանային հակամարտութիւններու սպառնալիքներու, համաշխարհային համաճարակներու, մարդոց եւ արհեստական բանականութեան միջեւ փոխգործակցութեան բարդ եւ ոչ միանշանակ բարոյագիտական կողմերը, ինչպէս նաեւ աւանդոյթներու եւ առաջընթացի համադրման մասին»,- նշած է ան։

Մոլորակի վրայ, ըստ Փութինի, հիմա նոր աշխարհակարգ կը ձեւաւորուի՝ հին աշխարհակարգը, որ կառուցուած է Արեւմուտքի կողմէ, կ՚երթայ անցեալ։