ՆԱԹՕ-ի նոր ընդհանուր քարտուղար Մարք Ռիւթէն ըսած է, որ ի պաշտօնէ պիտի ձգտի կատարել Դաշինքի կողմէ Ուքրանիոյ տրուած պարտաւորութիւնները, մասնաւորապէս՝ ՆԱԹՕ-ին անդամակցելու անոր ուղիի անշրջելիութեան հարցով։
Ռիւթէն իր հետագայ աշխատանքի համար թուարկած է երեք հիմնական առաջնահերթութիւն՝ նշելով, որ ատոնցմէ մէկը պիտի ըլլայ զօրացնել Ուքրանիոյ աջակցութիւնը եւ այն աւելի մօտեցնել ՆԱԹՕ-ին անդամակցութեան։
«Որովհետեւ Եւրոպայի մէջ չի կրնար ըլլալ երկարաժամկէտ անվտանգութիւն առանց ուժեղ, անկախ Ուքրանիոյ:
2014 թուականին MH17 չուերթի խոցումէն ետք անձնական փորձէն գիտեմ, որ Ուքրանիոյ հակամարտութիւնը չի սահմանափակուիր առաջնագիծով։
Ուստի մենք պէտք է կատարենք մեր մասը (աշխատանքի)»,- ընդգծած է Մարք Ռիւթէն։
Ան ըսած է, որ ՆԱԹՕ-ն պէտք է կատարէ այս տարուան յուլիսին Ուաշինկթընի գագաթնաժողովին Ուքրանիոյ տրուած պարտաւորութիւնները:
«Հրամանատարութիւն, ֆինանսական խոստումներ եւ Ուքրանիոյ անշրջելի ճանապարհը դէպի Դաշինքին անդամակցութիւն։
Մենք պէտք է պահպանենք այդ աջակցութիւնը ապագային, քանի որ Ուքրանիոյ արժանի տեղը ՆԱԹՕ-ի մէջ է»,- ընդգծած է Ռիւթէն։