image

Հարիւրաւոր Քաղաքացիներ Խոյս Կուտան Փարիզի Հանրապետութեան Հրապարակէն

Հարիւրաւոր Քաղաքացիներ  Խոյս Կուտան  Փարիզի Հանրապետութեան Հրապարակէն

Ֆրանսա- Հակասական  տեղեկութիւններ կը փոխանցուին Փարիզէն: Մինչ  ամերիկեան  Սի. Էն. Էն.ը կը հաղորդէ, որ   Փարիզի   կեդրոնական Հանրապետութեան հրապարակէն   հարիւրաւոր քաղաքացիներ   խոյս կուտան ստեղծուած խուճապին  հետեւանքով, անդին ֆրանսական ալիքներ կը յայտնեն, որ տեղի ունեցածը  կրակոց չէ,  այլ      ոչ վտանգաւոր  պայթուցիկներու ձայներ են: Իր կարգին «Ռօյթըրզ» կը հաղորդէ, որ պայթումի ձայներ լսուած են    «Պաթաքլան»  թատերասրահին մէջ: Լիբանանեան  «Ալ Ժատիտ»  կայանի    լրագրողը, որ  գտնուած է դէպքին  վայրը, յայտնած է, թէ հարիւրաւոր քաղաքացիներ հեռացած են հրապարակէն, եւ մինչեւ այս պահը    կարելի չէ եղած ճշդել   ստեղծուած  խուճապին  մանրամասնութիւնները: