Լիբանանի նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի ծանր խօսքեր ուղղած է երկրի նախագահ զօր. Միշէլ Աունի հասցէին։
Հարիրի, որ թվիթերի իր էջով գրառում կատարած է դատապարտած է Աքքար նահանգին մէջ եղած պայթումը եւ պատասխանատւութիւնը դրած նախագահի ուսերուն։
Ան նաեւ կոչ ըրած է նախագահին հեռանալու իր պաշտօնէն եւ հրաժարական տալու ըսելով, որ «Հիմա ճիշդ ժամանակն է, որ դուն եւ քու փեսադ հեռանաք եւ այդ պէտք է ընես փրկելու համար քու արժանապատւութիւնդ»։
Նշենք, որ երկու ղեկավարներուն միջեւ առկայ յարաբերութիւնը երկար ժամանակէ ի վեր խանգարուած էր, որուն հետեւանքով ալ Հարիրի չզիջելով, իսկ նախագահ Աունն ալ մնալով իր տեսակէտներուն վրայ չկարողացան գործակցիլ ու ամենակարեւորը փախցուցին նոր կառավարութիւն կազմելու բախտառիթ պահը։