image
Հրատապ լուրեր:

Հարիրի կրակ կը ժայթքէ նախագահ Աունին դէմ

Հարիրի կրակ կը ժայթքէ նախագահ Աունին դէմ

 Լիբանանի նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի ծանր խօսքեր ուղղած է երկրի նախագահ զօր. Միշէլ Աունի հասցէին։

 

 Հարիրի, որ թվիթերի իր էջով գրառում կատարած է դատապարտած է  Աքքար նահանգին մէջ եղած պայթումը եւ պատասխանատւութիւնը դրած նախագահի ուսերուն։

 

 Ան նաեւ կոչ ըրած է նախագահին հեռանալու իր պաշտօնէն եւ հրաժարական տալու ըսելով, որ «Հիմա ճիշդ ժամանակն է, որ դուն եւ քու փեսադ հեռանաք եւ այդ պէտք է ընես փրկելու համար քու արժանապատւութիւնդ»։

 Նշենք, որ երկու ղեկավարներուն միջեւ առկայ  յարաբերութիւնը երկար ժամանակէ ի վեր խանգարուած էր, որուն հետեւանքով ալ Հարիրի չզիջելով, իսկ նախագահ Աունն ալ մնալով իր տեսակէտներուն վրայ չկարողացան գործակցիլ ու ամենակարեւորը փախցուցին նոր կառավարութիւն կազմելու բախտառիթ պահը։