image

ՀԱՊԿ-էն դուրս գալու կապուած՝ Ռուսիայէն «պատասխան»

ՀԱՊԿ-էն դուրս գալու կապուած՝ Ռուսիայէն «պատասխան»

Երբ Հայաստան կը քննարկէ ՀԱՊԿ-ին (Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութիւն) մասնակցութեան իրաւական կասեցման հարցը, երկիրը կրնայ դէմ յանդիման գտնուիլ կազմակերպութեան մէջ ձայնի իրաւունքի կորուստի եւ ՀԱՊԿ-էն լիարժէք պաշտպանութիւնը կորսնցնելու վտանգի առջեւ։

Այս մասին ՌԻԱ Նովոսթիին տուած հարցազրոյցին ըսած է ՀԱՊԿ նախկին գլխաւոր քարտուղար Նիքոլայ Պորտիւժան։

«Եթէ Հայաստան, այնուամենայնիւ, դադրեցնէ իր անդամակցութիւնը կազմակերպութեան, ան այլեւս չի մասնակցիր որոշումներու կայացման գործընթացին եւ ՀԱՊԿ միջոցառումներուն, որոնք կ'իրականացուին ընդհանուր անվտանգութեան ամրապնդման նպատակով։

Այս կը նշանակէ, որ այն առայժմ սառեցուած ռեժիմի մէջ պիտի ըլլայ, ներառեալ՝ անվտանգութեան համակարգի հետ կապուած»,- նշած է Պորտիւժան։

Ան աւելցուցած է, որ եթէ նման սենար իրագործուի, ուրեմն հաւանականութիւնը, որ կազմակերպութիւնը ինչ որ կերպ Հայաստանի վրայ տարածէ անվտանգութեան բոլոր համակարգերը, մեծապէս կը կրճատուի: Ան նաեւ կասկած յայտնած է, որ Հայաստան կը կարողանայ ինքզինք ապահովել այլընտրանքային անվտանգութեան համակարգով։

Միեւնոյն ժամանակ ՀԱՊԿ նախկին գլխաւոր քարտուղար յիշեցուցած է, որ ՀԱՊԿ-ի  մասնակցութեան պաշտօնական կասեցման մեքենականութիւնը գոյութիւն ունի եւ նախապէս արդէն կիրառուած է։