Եգիպտոսի «Ալ Սահիտ» նահանգին մէջ հանրակառքի մեծ արկած մը գրանցուած է։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց «Սքայ նիւզ Արապիա» կայանէն։
Աղբիւրը նաեւ նշեց, որ երկու հանրակառքեր իրար բախած են Սուհաժ շրջանին մէջ եւ արկածին հետեւանքով ու նախնական տուեալներով ինկած են 50 վիրաւորեալներ։
Կը հաղորդուի նաեւ, որ արկածին վերաբերեալ Եգիպտոսի իրաւապահ մարմիններ հետաքննական գործընթաց սկսած են։