Հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագի աւարտին. Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի աջով թափօրՄէկ տարուան բացակայութիւնէն ետք («Քովիտ»ի սահմանափակումներուն հետեւանքով) երէկ նշուած է Անթիլիասի «Ուխտի օր»ը։ Ուշագրաւ է, որ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի անուանակոչութեան զուգադիպող այս օրը կը նշուի իւրայատուկ արարողութեամբ, որուն կը նախագահէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Գահակալ Հայրապետը, ու տեղի կ՚ունենայ միաբանական մեծ թափօր, ուրուն ընթացքին ալ մեր մեր ժողովուրդի օրհնութեան համար կը ցուցադրուին Սուրբ Գրիգորի աջը եւ բազում այլ սուրբերու մասունքները, որոնք կը գտնուին Անթիլիասի գանձատան մէջ։
«Ազդակ» կը գրէ ՝Կիրակի, 3 ապրիլ 2022-ին, նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, վեհարանի դահլիճէն սկիզբ առաւ հայրապետական թափօրը, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հոգեւոր հարստութիւնը նկատուող սրբազան մասունքներու արկղով մուտք գործեց մայր տաճար: Ս. եւ անմահ պատարագ մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց մայր տաճարի լուսարարապետ Կոմիտաս արք. Օհանեան: Սրբազանը իր քարոզին մէջ ըսաւ, որ այսօր մենք էականօրէն կարիքը ունինք աշխարհով մէկ հոգեւոր արթնութեան: Ան ամփոփելով տօնին պատգամը նշեց, որ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ընդհանրական եկեղեցւոյ մեծ սուրբն է: Ան ո՛չ միայն հայոց հաւատքի կերտիչն է, այլեւ հայ քրիստոնեայ ազգին կերտիչը:
Ս. պատարագի աւարտին, վեհափառ հայրապետին գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ սուրբին լուսաւորող Աջով աւանդական թափօրը: Յայտնենք, թէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետի Ս. Աջին կողքին հաւատացեալ ժողովուրդը օրհնուեցաւ նաեւ եկեղեցւոյ մեծագոյն սուրբերէն Ս. Սեղբեստրոս եւ Ս. Նիկողայոս հայրապետներուն աջերով, ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» թանգարանը ի պահ դրուած այլ սրբազան մասունքներով: Թափօրի աւարտին, վեհափառ հայրապետը, միաբան հայրերու ընկերակցութեամբ, բարձրացաւ Ս. Խորան եւ Լուսաւորիչի սրբազան Աջով կատարեց ջրօրհնէքի արարողութիւն: Ապա, մայր տաճարի խորանին վրայ զետեղուեցան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետին, Ս. Սեղբեստրոս եւ Ս. Նիկողայոս հայրապետներուն աջերը, որոնք միաբան հայրերու հսկողութեան ներքեւ Խորանին վրայ մնացին մինչեւ ուշ երեկոյ: