Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ այսօր նոր հրամանագիր մը ստորագրուած է կապուած երկրին մէջ համընդհանուր ներում մը շնորհելուն։
Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ «Ալ Ժատիտ» կայանէն, որ նաեւ կը գրէ, թէ «Համընդհանուր ներում»ը պիտի գործէ 21 դեկտեմբեր 2022-էն առաջ դատապարտեալի կարգավիճակին մէջ եղող անհատներու վրայ, որոնք տարբեր հանգամանքներու բերումով խոյս տուած են բանակային ծառայութիւնէն ու հեռացած են երկրէն։
Կը նշուի նաեւ, որ ոճրային այլ յանցանքներ գործած եւ արդարութիւնէն խոյս տուած անհատներ կրնան նոյնպէս ներում ստանալ, եթէ ներկայանան համապատասխան մարմիններուն։
Գուցէ եւ այս առաջին քայլը չէ, որուն կը դիմէ նախագահ Ասատ, բայց եւ այնպէս նման քայլերու եւ կարգադրութիւններու հիմնական նպատակը ներքին համերաշխութեան մը հասնիլն է։