Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան Աթենք ժամանելէ 24 ժամ առաջ Kathimerini-ին տուած բացառիկ հարցազրոյցին մէջ անդրադարձած է թուրք-յունական յարաբերութիւններուն վերաբերող շարք մը հարցերու:
Էրտողան կարեւորած է երկկողմ յարաբերութիւններու մէջ «նոր էջ» բանալու իր տեսլականը, որ հիմնուած է «երկու կողմի շահելու» սկզբունքի վրայ։
«Իմ ընկեր Քիրիաքոս, մենք ձեզի չենք սպառնար, եթէ դուք չսպառնաք մեզի»,-ըսած է Էրտողանը՝ դիմելով Յունաստանի վարչապետին:
«Ոչ մէկ մարտահրաւէր անյաղթահարելի է երկխօսութեան եւ փոխադարձ բարի կամքի հիման վրայ», -ըսած է Էրտողան:
Միեւնոյն ժամանակ ան պարզաբանած է իր «մենք կրնանք գիշեր մը յանկարծակի գալ» խորհրդաւոր յայտարարութիւնը՝ նշելով, որ այն կը վերաբերի «Թուրքիոյ անվտանգութիւնը վտանգող ահաբեկչական տարրերուն»։
«Յունաստանը մեր հարեւանն է, եւ մենք կը շարունակենք մնալ հարեւաններ. մենք ունինք ընդհանուր աշխարհագրութիւն եւ կը կիսենք նոյն ծովը։ Մենք կը շնչենք նոյն օդը։ Մենք փոխկապակցուած ենք մեր անցեալով։ Մեր միջեւ չլուծուած խնդիրներ կան. մեր երկու երկիրներն ալ կ՚ընդունին այս իրողութիւնը։ Սակայն մեզմէ կախուած է՝ թոյլ կու տա՞նք արդեօք այս հարցերը լարուածութիւն եւ տարաձայնութիւններ առաջացնեն մեր կառավարութիւններու եւ մեր ժողովուրդի միջեւ, թէ՝ ոչ։ Այս պարունակին մէջ ես խօսեցայ մեր յարաբերութիւններուն մէջ «նոր էջ»ի եւ «երկու կողմի շահելու» սկզբունքի մասին։ Այս սկզբունքը բնորոշ է միջազգային յարաբերութիւններուն եւ դիւանագիտութեան՝ Թուրքիոյ մօտեցման: Երկխօսութեան միջոցով սահուն կերպով լուծելով տարաձայնութիւնները եւ ընդհանուր լեզու գտնելով՝ մենք բոլորս կրնանք օգուտներ քաղել:Մենք Յունաստանը երբեք չենք ընկալած որպէս թշնամի կամ մրցակից։ Ինչպէս որեւէ ազգ, մենք ընկերներ կը փնտրռենք, ոչ թէ թշնամիներ: Ես յաճախ ընդգծած եմ մեր համոզմունքը, որ մեր հարեւաններու, յատկապէս Յունաստանի հետ կապուած որեւէ խնդիր կարելի է յաղթահարել: Յունաստանը, կարծես, կը հասկնայ, որ մենք բարեկամութեան ձեռք մեկնելու ընդունակ ժողովուրդ ենք», -ըսած է Էրտողան: