«Համոզուած եմ միայն, որ առանց Նիկոլ Փաշինեանի հեռանալուն, հայ ժողովուրդի ոգիի եւ հաւատի վերականգնում իր ուժերուն նկատմամբ հնարաւոր չէ: Եւ այս Հայաստանի եւ իր քաղաքացիներու ներքին եւ ինքնիշխան գործն է: Մեր գործն է որոշել` արդեօք Խորհրդային Միութեան եւ Ռուսական կայսրութեան իրաւայաջորդ Ռուսաստանի Դաշնութիւնը շահեցաւ, թէ կորսնցուց Կովկասի նոր պատերազմի հետեւանքով», կը գրէ Ռուսաստանի Դաշնութեան պատգամաւոր Կոնստանտին Զատուլինը «Քոմսոմոլսքայա Փրաւտա»-ի մէջ հրապարակուած իր «Որո՞նք են Ղարաբաղի դասերը Ռուսաստանի համար» յօդուածով:
«Ատրպէյճանը Թուրքիոյ հետ դաշինքով յարձակեցաւ չճանաչուած Արցախի Հանրապետութեան վրայ (ինչպէս հայերը կ'ըսեն Լեռնային Ղարաբաղի. - խմբ.), սակայն իրականութեան մէջ հայերն ու Հայաստանը, խախտած են Հրադադարի համաձայնագիրը, որ ձեռք բերուած էր մեր օգնութեամբ եւ իր խնդրանքով 1994 թուականին: Ատրպէյճանի քարոզիչները եւ լոպպիստները անշարժ կը շարունակեն այս գրոհը որպէս «հակագրոհ» որակել: «Այդ կը վիրաւորէ իմ միտքը»,- համանման դէպքի մը ըսած է Ալ Փաչինոն «Կնքահայրը» շարժանկարին մէջ. «Յարձակման նշաններու բացակայութեան պարագային, հակագրոհ չ'ըլլար, այն ալ` ճակատի ամբողջ երկայնքով: Ատրպէյճանը լիովին օգտուեցաւ սթաթուս-քուոյի խախտումէն, որ կը պահպանուէր աւելի քան 20 տարի. «Շատերը, մասնաւորապէս` միջնորդները, որոնք զբաղած են այս խնդրով, բազմիցս ըսած են, որ հակամարտութիւնը չունի ռազմական լուծում: Բայց մենք ապացուցեցինք, որ հակամարտութիւնը ռազմական լուծում ունի» (մէջբերումը, Պաքուի մէջ կայացած շքերթի նախագահ Ալիեւի ելոյթէն):
Միջնորդները մենք ենք` Ռուսաստանը: Պատերազմը արդարացնելու համար ե՛ւ Ալիեւը, ե՛ւ Էրտողանը շատ կը խօսին տարիներու ընթացքին խաղաղ կարգաւորման գործընթացքի առաջընթացի բացակայութեան մասին: Մոռնալով խոստովանիլ, որ համաձայնութեան բացակայութեան համար Ատրպէյճանը շատ աւելի մեծ պատասխանատւութիւն կը կրէ, քան «միջնորդները». միայն 2011-ին, Կազանի համաձայնագրի ձախողելու պատմութիւնը, որ արդէն թուղթի վրայ է, վառ կերպով կը հաստատէ այդ: Եւ միանգամայն կասկածելի է լսել Թուրքիոյ նախագահի նախատինքները, որ 1974 թուականէն իվեր կաթուածահար կ'ընէ որեւէ բանակցութիւն, իր կողմէ բռնագրաւուած Հիւսիսային Կիպրոսի ճակատագրի որոշման հարցով:
Տոնպասի, Մերձտնեսթրի, Աբխազիոյ եւ Օսեթիոյ պատմութեան մէջ ներգրաւուած Ռուսաստանի համար, ձգձգուող վէճերու լուծման գործին մէջ ատրպէյճանա-թրքական փորձի նշանակութիւնը դուրս կու գայ Կովկասի տարածաշրջանի շրջանակներէն: Թրքական տրոններու բոլոր երկրպագուները, որոնք դիմակայութեան միւս կողմն են, այնչափ ուրախացան: Ատրպէյճանը վիշապի ատամներ ցանեց: Իսկ ո՞վ է հնձելու սածիլները: Ռուսաստանի համար ասիկա Ղարաբաղի դասերէն առաջինն էր: Երկրորդ ակնյայտ դասը այն է, որ երկարաժամկէտ հեռանկարով Ատրպէյճանը Թուրքիոյ ուղեկցողն ու ազդեցութեան գործակալը դարձած է Կովկասի մէջ, որ աւելի հեռուներ կ'երթայ` Փովոլժյէ, Ղազախիստան եւ Կեդրոնական Ասիա: Այս, սակայն, յայտնի էր նաեւ նախապէս: Այժմ «երկու երկիր, մէկ ժողովուրդ» միութիւնը կնքուած է արիւնով եւ համատեղ գործողութիւններով: Եթէ 13 պատերազմէ յետոյ նախկին Թուրքիոյ հետ, որ այսօր չի ճանչնար Խրիմը, որպէս ռուսական, Սուրիան` սուրիական եւ Ս. Սոֆիան` քրիստոնէական, մենք խնդիր կը տեսնենք այս երկրի աճող ախորժակներուն մէջ, ապա այդ մտահոգութիւնը պէտք է տարածենք նաեւ Թուրքիոյ դաշնակից Ատրպէյճանի վրայ:
Եւ երրորդը: Եթէ քու պաշտօնական ռազմական դաշնակիցը պարտութիւն կը կրէ, կորսնցուցած է աշխատունակութիւնը եւ թաղուած է քաոսի մէջ, մի հարցներ, թէ որու համար զանգը կը ղօղանջէ: Պատերազմի 44 օրուայ ընթացքին Գիւմրիի ռազմակայանին մէջ մեր 5 հազար զինուորներն ու սպաները Ամբողջ Հայաստանի հետ շրջափակման մէջ էին: Ես կը յիշեմ, թէ քանի մը տարի առաջ ինչպէս Վլատիմիր Փութինը, այցելելով Գիւմրի, ուր ժամանակին ծառայած էր «Սլաւեանքային Հրաժեշտը» երգի հեղինակը, ըսաւ. «Ակափքին այս քայլերգը գրած է այլ առիթով: Մենք չենք պատրաստուիր Կովկասէն ոչ մէկ տեղ երթալ»:
Կը նշանակէ, որ մեր պատմական դաշնակից Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին դժուար պահուն աջակցիլը ոչ մէկ այլընտրանք ունի: Փաշինեանները կու գան ու կ'երթան, իսկ հայ ժողովուրդը կը մնայ: Մեր յարաբերութիւնները նոյնպէս արեամբ շաղախուած են՝ շատ աւելի վաղ Հայրենական մեծ պատերազմին մասնակցութեամբ:
Ղարաբաղի մէջ խաղաղապահ գործողութիւնը, Ռուսաստանը զայն կարող է համարել իր գլխաւոր ծառայութիւնը տեղի ունեցածին հետեւանքով, մեր պատւոյ գործը: Երբ պատերազմի օրերուն ես եւ միւսները անոր անհրաժեշտութիւնը կը պնդէինք, մի՞թէ Ռուսաստանի մէջ չէինք լսեր պատերազմող Ատրպէյճանի բարեկամները, որոնք ամէն կերպ կը զարգացնէին այն թէզը, թէ «այդ մեր գործը չէ», «թոյլ չենք տար օտարի շահերու համար հեղել ռուս զինուորի արիւնը» եւ այլն: Զարմանք կ'ապրիս, թէ ինչպէս յընթացս փոխուելով, պարոնայք հասունցան, հիմա Ռուսաստանի նախագահի որոշման մէջ տեսնելով բարձրագոյն պետական իմաստութիւն:
Ուստի եւս մէկ եզրայանգում ապագայի համար: Ես չեմ կատակեր, լուրջ եմ՝ ինչպէս երբեք, կոչ ընելով կատարելու հնարաւոր ամէն բան, որ յանցագործութեան նախնական տեսքով պահպանուին, ինչպիսին էր, անկասկած, Ղարաբաղի պատերազմին մէջ, կամայ թէ ակամայ բոլոր մասնակցողներու քարոզչական ջանքերուն բոլոր նմոյշները: Այս պատերազմի լոպպիստները պէտք չէ ստուերի տակ մնան: Անոնք ամբողջ ժամանակ պէտք է մեր կողքին ըլլան, ինչպէս «Ամբողջ թագաւորական շքախումբէն» Քրոշքա Տաֆին, նահանգապետ Սթարքայի տեսադաշտին մէջ: Որպէսզի մենք յիշենք, թէ Ռուսաստանը որու բարի խորհուրդներէն եւ ղեկավարող կարծիքէն պէտք է խուսափի:
Մէկ սուտ, մեր վնասն է»: