ԱՄՆ զինուորականները, համագործակցելով Նիճերիոյ զինուորականներու հետ, սպաննած են «Իսլամական պետութիւն» (ISIS) ահաբեկչական խմբաւորման առաջնորդ Ապու Պիլալ ալ-Մայնուքին։ Այս մասին Truth Social ընկերային ցանցին վրայ յայտարարած է ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփ։
Անոր համաձայն՝ զինուորականները «կատարած են մանրակրկիտ ծրագրուած եւ չափազանց բարդ գործողութիւն՝ աշխարհի ամէնէն աշխուժ ահաբեկիչը վերացնելու համար»։
Թրամփ ալ-Մայնուքին կոչած է ISIS-ի «համաշխարհային կառոյցին երկրորդ հրամանատարը»։ Ան «կարծած է, որ կրնայ փախչիլ Ափրիկէ, բայց չէր գիտեր, որ մենք ունինք աղբիւրներ, որոնք մեզ կը տեղեկացնեն անոր գործունէութեան մասին», — աւելցուցած է Սպիտակ տան ղեկավարը։
Ամերիկացի առաջնորդը նշած է, որ զինեալը այլեւս պիտի չահաբեկէ Ափրիկէի ժողովուրդները եւ պիտի չկարենայ մասնակցիլ ամերիկացիներուն դէմ գործողութիւններու ծրագրաւորման։
«Անոր վերացումով ISIS-ի համաշխարհային գործողութիւնները զգալիօրէն տկարացած են։ Ես շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Նիճերիոյ կառավարութեան՝ այս գործողութեան մէջ համագործակցութեան համար», — ընդգծած է Տանըլտ Թրամփ։