Յիսուս Քրիստոսի պայծառակերպութեան տօնը 5 տաղաւար տօներէն երրորդն է: Այս տարի այն պիտի նշուի յուլիս 12-ին։
Այս տօնը յայտնի է նաեւ Վարդավառ անունով: Տօնի ժամանակ ժողովրդական սովորոյթներէն է իրար վրայ ջուր ցօղելն ու աղաւնիներ թռցնելը, որոնք կը խորհրդանշեն ջրհեղեղը, Նոյի ընտանիքի փրկութիւնը, Նոյի աղաւնին:
Սովորութիւն է նաեւ ծաղիկներով զարդարուիլը, որ Աստուածորդու փառքի երեւման առթիւ մեծ ուրախութեան արտայայտութիւն է: «Վարդավառ» ժողովրդական անուանումը, հաւանաբար, կու գայ վարդաջուր լեցնելու սովորութենէն: