Հայաստանի փոխվարչապետ, ՀՀ-Իրան տնտեսական համագործակցութեան համատեղ յանձնաժողովի նախագահ Մհեր Գրիգորեանը Թեհրանի մէջ հանդիպած է Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի հետ, յայտնած է president.ir կայքը:
«Մենք կ՚աջակցինք Թեհրանի եւ Երեւանի միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու լիարժէք իրականացման», -ըսած է Ռայիսին։
Ռայիսին Գրիգորեանի եւ անոր ուղեկցող պատուիրակութեան հետ հանդիպման ժամանակ ընդգծած է, որ Թեհրանի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւնները պատմական են, բարեկամական եւ կառուցողական:
Անդրադառնալով Հարաւային Կովկասի խնդիրներուն՝ ան նշած է Իսլամական Հանրապետութեան ջանքերը կայունութեան եւ անվտանգութեան պահպանման ուղղութեամբ։
Իրանի նախագահն այնուհետեւ ողջունած եւ իր աջակցութիւնը յայտնած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան բանակցութիւններուն՝ ընդգծելով Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան կամքն ու պատրաստակամութիւնը՝ երաշխաւորելու կովկասեան տարածաշրջանի ռազմավարական անվտանգութիւնը եւ այդ հարցով Թեհրանի կարմիր գիծերը։
«Մենք համաձայն չենք խնդիրներ լուծելու պատրուակով օտարներու ներկայութեան տարածաշրջանին մէջ, եւ կը կարծենք, որ անոնց ներկայութիւնը ոչ միայն չի լուծեր խնդիրը, այլ աւելի մեծ խնդիր կը դառնայ տարածաշրջանի ազգերու եւ կառավարութիւններու համար», -ըսած է Իրանի նախագահը։
Հայաստանի փոխվարչապետն իր հերթին ըսած է, որ ՀՀ կառավարութեան եւ ժողովուրդի համար արժէքաւոր եւ կարեւոր է Հայաստանի անկախութեան, ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեանն Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան աջակցութիւնը։ Ան ընդգծած է Հայաստանի կառավարութեան շահագրգռուածութիւնն ու կամքը՝ զարգացնելու տնտեսական եւ առեւտրային յարաբերութիւնները Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան հետ, յատկապէս ուժանիւթի եւ տարանցման ոլորտներու մէջ։