Չորեքշաբթի, 29 Յունիս 2016-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին Գ. Եսայեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ Աւետարանական Բեթէլ Երկրորդական Վարժարանի Թ. եւ ԺԲ. Կարգերու աւարտական Հանդէսի նախաձեռնութիւնը նուիրուած՝ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեակին: Ելոյթը կը վայելէր Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Համայնքապետ, արտօնատէր Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեանի հովանաւորութիւնն ու ներկայութիւնը: Հանդիսութեան ներկայ էին Հ.Հ.Գլխաւոր Հիւպատոսի կցորդ փոխանորդ՝ Տիար Միսակ Պալայեան, հալէպահայ երկրորդական վարժարաններու տնօրէններ, Հալէպի քաղաքական, կրօնական, կրթական, մշակութային, բարեսիրական մարզական եւ հայրենակցական միութիւններու եւ հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հոծ բազմութիւն մը:
Սուրիոյ եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներուն յաջորդեց հայ եւ սուրիացի նահատակներու յարգանքի մատուցումը մէկ վայրկեան յոտնկայսով, որմէ ետք Պատուելի Սիմոն Տէր Սահակեանի բացման աղօթքով սկիզբ առաւ գեղարուեստական յայտագիրը:
Արաբերէն ու հայերէն բացման խօսքերով ելոյթ ունեցաւ վարժարանի տնօրէնուհի՝ Տիկին Պէթթի Գրաճեան-Եփրեմեանը, որ իր ջերմագին ողջոյները փոխանցելէ ետք աւետեց ներկաներուն, թէ կազմակերպուած աւարտական հանդիսութիւնը կը զուգադիպի Հայաստանեայց Աւետարանական Եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 170 ամեակին եւ Հայ Աւետարանական Բեթէլ Երկրորդական Վարժարանի 93 ամեակին: Անհուն գոհունակութեամբ իր երախտապարտութիւնը յայտնեց մեր նախնիներուն, որոնց աշխատանքին արգասիքն է կրթօճախի ներկայութիւնը հալէպահայ գաղութին մէջ: Ապա աւելցուց ըսելով.- « Այսօր, մենք որպէս ջահակիրներ, մեր ճիտին պարտքն է լաւագոյնը նուաճելով բարձրագոյն մակարդակներու հասնիլ: Ծառայութեան ե առաքելութեան դրօշը մեր ձեռքին պիտի շարունակենք մեր երթը դարեր շարունակ: Մենք կը հաւատանք, որ ներկայ մարտահրաւէրներուն դիմաց միակ ամրակուռ զէնքը պէտք է համարել քրիստոսաւանդ հաւատքն ու ուսումն է»: Ապա անդրադառնալով Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25 ամեակին ան շեշտեց ըսելով.- «...ցեղասպան թուրքը դժուարութիւն ունի հասկնալու, թէ հայը երբեք չի նահանջեր եւ այսօրուան ու վաղուան մեր սերունդին մէջ կը գտնենք մեր կերտած յաղթանակներուն գրաւականը: Մեր հողը մեր սրբութիւնն ու զօրութիւնն է: Հողը բարձր կը պահէ մեր հաւաքական գիտակցութիւնը, մանաւանդ երբ ան մեր տքնաջան աշխատանքին արդիւնքն է»: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Սուրիոյ հիւրընկալ ազնիւ ժողովուրդին, երկրիս խոհեմ ու խաղաղասէր նախագահ Տոքթ. Պաշշար ալ Ասատին, կրթական նախարարութեան եւ իր ներկայացուցիչ պետական տնօրէնուհիին, երգչախումբի ղեկավար՝ Տիկին Շողակաթ Աբարդեան Սելիմեանին, ամենայն հետեւողութեամբ սատար հանդիսացող ուսուցչական կազմին եւ պարուսոյցներուն: Ան իր խօսքի աւարտին բարի երթ մաղթեց շրջանաւարտներուն, իրենց յառաջիկայ կեանքի ասպարէզէն ներս:
Իսկոյն յայտագիրը շարունակուեցաւ երգչախումբով ղեկավարութեամբ՝ Տիկին Շողակաթ Աբարդեան Սելիմեանին: Աշակերտուհիները յաջորդաբար ներկայացուցին՝ «Երգ Գովաբանութեան», « Երգ Օրհնութիւն», « Բեթէլ Պանծալի», «سوريا أرض المحبة و السلام», « أرض المجد»,
«Իմ Հայրենիք» եւ «Երեւան» երգերը: Ապա ներկայացուեցաւ «الصامدون» խորագրով արաբերէն թատերգութիւն, որուն յաջորդեց հայկական պարը իր յատուկ հայրենասիրական արտացոլումով: Հերթը հասած էր արաբերէն ասմունքին « الأمل بعد الألم» վենագրով, որուն մեկնաբաններն էին՝ ԺԲ. կարգէն Ռօզալինա Պագգալեանը եւ Թ. կարգէն Ռօզալի Աֆրամը:
Անոնք հաստատեցին, թէ Սուրիան մեր հայրենիքն է եւ մենք պատրաստ ենք արեան գնով պաշտպանել զայն: Հանդիսութիւնը առաւել եւս ճոխացաւ արաբական պարով, որուն յաջորդեց տեսաերիզի վրայ բծախնդրութեամբ պատրաստուած 2015-2016 տարեշրջանի յուշերու ցուցադրութիւնը: Ապա ԺԲ. կարգէն Արմանի Հերա Սելիմեանը իր յատուկ փայլքով ու հմայքով յաջորդաբար մեներգեց՝«Երեւանեան Մեղեդի» եւ «Իմ Երեւան» երգերը, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ՝ Տիկին Շողակաթ Աբարդեան Սելիմեանի: Ետքը ներկայացուեցաւ հայերէն թատերգութիւնը՝ հատուածներ Լ. Շանթի «Ճամբու Վրայ» թատերգութենէն: Զոյգ լեզուով ուղերձներ կարդացուեցան ԺԲ. կարգի աշակերտուհիներու կողմէն արաբերէնով՝ Նուր Մուսա Օղլին եւ Ռօզալինա Պագգալեան, իսկ հայերէնով՝ Արմանի Հերա Սելիմեան եւ Դալար Յովհաննէսեան: Անոնք շրջանաւարտներուն երախտագիտական խօսքը փոխանցեցին նախ ծնողներուն եւ ապա՝ ուսուցիչներուն ու խոստացան ըլլալ պատուաբեր զաւակներ վառ պահելով իրենց հարազատ վարժարանին ջահը ու կառչած մնալով այն հայեցի դաստիարակութեան, որով սնանեցան ամբողջ 12 տարիներ շարունակ:
Կարգը հասած էր վկայականաց բաշխման արարողութեան:Հայ Աւետարանական Համայնքի Համայնքապետ առտօնատէր՝ Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեանը, Վարժարանի տնօրէնուհիին եւ զոյգ կարգերու տեսուչներուն հետ միասին աւարտող աշակերտներուն փոխանցեցին վկայականները ու անցան միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններու առաջնակարգ (երեք մակարդակներու) աշակերտներու, ապա հայերէն լեզուի գերազանցներու պարգեւատրման:
Սոյն արարողութեան վերջաւորութիւնը եղաւ Հայ Աւետարանական վարժարաններէն ներս 25 տարիներ եւ աւելի ծառայութիւն ունեցող կրթական մշակներու պարգեւատրումը:
Հերթով բեմ հրաւիրուեցան ու իրենց պարգեւները ստացան Համայնքապետ՝ Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեանէն: Պարգեւատրուողներն էին՝ Օրդ. Մէյրի Հաքքօ (33 տարի), Օրդ. Մարիա Սէրայտարեան (31 տարի), Տիկին Սիւզի Աբէլեան- Գերպապեան(31 տարի),Օրդ. Սալբի Սարգիսեան (30 տարի),Օրդ. Մարիամ Սաֆար (29 տարի) եւ Տիկին Պէթթի Գրաճեան- Եփրեմեան (28 տարի):
Հանդիսութիւնը հասած էր իր յաջող լրումին: Հայ Աւետարանական Համայնքի Համայնքապետ առտօնատէր՝ Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեանը սրտի անհուն ցնծութեամբ եւ խոր համոզումով, աստուածային օրհնութեամբ լեցուն այս օրուան հանդիսութեան հանգամանքէն մեկնելով ողջունեց բոլոր ներկաները յատկապէս Հ.Հ.գլխաւոր հիւպատոսի կցորդ փոխանորդը, շրջանաւարտներու ծնողները, շրջանաւարտներն ու Հայ Աւետարանական վարժարաններէն ներս 25 եւ աւելի ծառայութիւն ունեցող կրթական մշակները: Ան իր խօսքին մէջ ընդգծեց «ինքնապաշտպանութեան» գաղափարը, որ խոր ազդեցութիւն ունի մեր գօտեպնդման, մէկ բրունձք, մէկ միտք ըլլալու վրայ: Ան ըսաւ.-« ինքնապաշտպանութիւնը հայրենիքով սկսաւ, բայց հայրենիքի սեղմը իր սահմանափակութեան մէջ չամփոփուեցաւ: Ինքնապաշտպանութիւն է նաեւ այսօր մեր դիմաց կանգնած հոյլ մը աշակերտները, որոնք զինուած են գիտութեամբ ու մշակոյթի համեմուած հարստութեամբ: Ինքնապաշտպանութիւն է նաեւ տգիտութեան եւ խաւարամտութեան դէմ, որ ընդհանրապէս կը յարցակի մեր համակարգը քայքայելու: Սոյն համակարգը երկիրներու եւ ժողովուրդներու դրամագլուխն է, որուն վրայ հաստատուած կ'ըլլան երկրի մը սահմանադրութիւնները, օրէնքները եւ կցորդները: Այնտեղ կը դաստիարակուին սերունդներ եւ սերունդներուն մէջէն ընդհանրապէս դուրս կու գայ փայլուն գաղափարի տէր մարդեր, յաջող անձնաւորութիւններ, ուսումով եւ գիտութեամբ զինուած երիտասարդներ եւ աստուածային շնորհքով օծուն եւ լեցուն հայորդիներ: Ինքնապաշտպանութիւն է նաեւ երբ անոնք պայքարիլ գիտեն վասն հայրենիքի անմոռութեան ու իմաստութեան»: Ապա անդրադարձաւ Սուրիական ասպնջական հայրենիքին դիմագրաւած վեց տարիներու բազում դժուարութիւններուն, տագնապին, տիեզերական պատերազմին եւ ոսոխներուն ձախող ու անյաջող քայլերուն, որոնք այսօր քաշուած իրենց իշխանութեան պատեանին տակ կը դիտեն միասնութեան ու սահմաններու անփոփոխելի եւ անվիճելի ըմբռնողութեամբ կանգուն մնացող Սուրիան, որ կը շարունակէ իր աննկուն կամքով գոյատեւել վսեմաշուք ու խոհեմ նախագահի Տոքթ. Պաշշար Ալ Ասատի հովանիին ներքեւ: Ան շեշտեց, հալէպահայ համայնքի անդրդելի դերը այս ինքնապաշտպանութեան մէջ, ուր հալէպահայութիւնը նահատակներու թափուած արիւնէն ու Սուրիական հայրենիքի կրած տառապանքէն անմասն չմնաց, սակայն՝զինուած հայկական եկեղեցիներով, մշակոյթով, ակումբներով եւ հայաշատ կեդրոններուն մէջ ու անոնց շուրջ մնայուն կերպով սատար հանդիսացան այս ինքնապաշտպանութեան: Վերապատուելին հպարտութեամբ յիշեց Սուրիոյ մէջ տարուած այն պայքարը, որ ինքնին ներշնչարան մըն է գալիք սերունդներուն, որ մենք ստացանք խոհեմ նախագահի Տոքթ. Պաշշար Ալ-Ասատի ներկայութեամբ: Ապա իր խօսքը ուղղեց շրջնաւարտներուն ըսելով.-«Եւ ահաւասիկ սիրելի շրջանաւարտներ այս առիթը, այն առիթն է, որ դուք պատերազմին մէջ ձեր վերջին հինգ տարիները ամբողջացուցիք՝ ուսման ճամբով, ձեռքբերումներով, յաջողութիւններով եւ նուաճումներով: Այսօր ձեր ծնողներուն եւ հիւրընկալ ու քաղցր ժողովուրդին դիմաց կը կենաք ձեր ճակատները բաց հայրենիքի սիրով գրաւուած կը խոստանաք, որ ապագան ձերն է, յատկապէս վերաշինելու եւ վերականգնելու սուրիական ասպնջական օրհնեալ երկիրը, որուն պտուղն ու արգասիքն էք, եւ բոլորս միասին համախմբուելով կը դառնանք սուրիական հայրենիքի դրամագլուխը»: Ապա ակնարկեց, թէ Հ.Հանրապետութեան ու Արցախին ինքնապաշտպանութեան ուղիին մասնակիցներն ենք եւ անոնց սէրը խարսխուած է մեր սրտերուն մէջ:
Վերապատուելի Համայնքապէտը յստակօրէն բացատրեց հայրենասիրութիւնն ու ազգասիրութիւնը, որ մենք այդ հայրենասիրութիւնը սորվեցանք սուրիական հայրենիքը սիրելով, անոր համար զոհուելով եւ անոր թարգմանութիւնը, որ կատարեցինք ու կը կատարենք Հ.Հանրապետութեան ու Արցախի ինքնապաշտպանութեան զոյգ ուղղիով տակաւին:
Հայ Աւետարանական Բեթէլ երկրորդական Վարժարանի աւարտական հանդիսութեան աւարտին Վերապատուելին անդրադարձաւ Հայ Աւետարանական եկեղեցիի հիմնադրութեան 170-ամեակին, Բեթէլ երկրդ. Վարժարանի հիմնադրութեան 93-ամեակին, որոնց թագադրումն էր՝ Հ.Հանրապետութեան Անկախութեան 25-ամեակը: Ան շեշտեց, թէ այս բոլոր իրադարձութիւններով կը գօտեպնդուինք, կը զինուինք եւ յանձնարարութեամբ մեր ուխտը կը նորոգենք օրհնեալ սուրիական երկրին մէջ, ուր հայ ժողովուրդը իր մշակոյթով, հոգեմտաւոր արժէքներով եւ արժանիքներով պիտի մասնակցի սուրիաշինութեան հզօր ու վեհ գործին, ու աւելի տոկուն քայլերով, աւելի հարազատութեամբ, աւելի ջերմեռանդութեամբ ու աւելի ինքնավստահութեամբ պիտի շարունակէ մնալ ու գոյատեւել:
Վերապատուելին յաջողութիւն ցանկաց Հալէպէն հեռացողներուն, իսկ մնացող ու տոկացող հերոս ժողովուրդին քաջալերելով յարատեւութիւն եւ համբերութիւն մաղթեց: Ան հաստատեց, թէ մենք մեր երթը պիտի շարունակենք, ստեղծագործելով եւ նորանոր յաղթանակներ արձանագրելով ու պիտի տեսնենք բարեզարդուած ու բարեկարգեալ սուրիական հայրենիքը:
Ինչպէս նաեւ պիտի բացուին լոյսի եւ յոյսի նոր արշալոյսներ եւ խաղաղութեան արեգակը անգամ մը եւս պիտի շողայ Սուրիոյ երկնակամարին վրայ: Ապա առաքելական օրհնութեամբ փակեց յայտագիրը:
Սոնիա Վարդանեան - Չիրիշեան